Բուրգերուն Միւս Երկիրը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Արդեօ՞ք Սուտանը Եգիպտոսէն աւելի բուրգեր ունի` պահուած իր աւազներուն տակ: Երեք տարուան ընթացքին հնագէտներ 35 բուրգեր յայտնաբերած են ափրիկեան այս երկրին մէջ:
Հնագէտները տարբեր չափի, տարբեր ձեւերով 2000 տարուան 35 բուրգեր գտած են Սուտանի հիւսիսը:
Ասիկա զարմանալի յայտնաբերում մըն է: Առաջին հերթին, որովհետեւ անոնց թիւը բարձր է, նաեւ` անոնք մէկը միւսին քով շինուած են: Օրինակի համար, 500 մեթր քառակուսի փոքր տարածքի մը վրայ կան 13 բուրգեր: Ամէնէն մեծ բուրգերուն հիմը 7 մեթր է, իսկ ամէնէն փոքրերունը` 78 սմ: Այս փոքրերը շինուած էին հաւանաբար երեխաներուն համար:
Այս բացառիկ շինութիւնները կը կազմեն շրջանին հին ժամանակներէն ամէնէն մեծ գերեզմաններու շրջանը:
Ասիկա զարմանալի չէ: Ք.Ա. 1000 թուականին Քուշի թագաւորութիւնը հոն հաստատուած էր: Անիկա գոյատեւեց աւելի քան հազարամեակ մը: Բազմաթիւ սովորութիւններ նոյնանման էին եգիպտացիներուն սովորութիւններուն, ինչ որ կը վերաբերի, օրինակի համար, կրօնին… եւ բուրգերուն:
Հետախուզական աշխատանքները սկսած են 2009 թուականին Նեղոսի գետէն ոչ շատ հեռու Սետենկայի հնագիտական վայրէն: Անիկա յայտնի էր 10-րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցիի մը եւ տաճարի մը աւերակներով: Այլեւս անիկա նշանաւոր է իր բուրգերով:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Սուտանի հիւսիսային շրջանը, ուր այդքան բուրգեր կը գտնուին, հին ժամանակներուն կը կոչուէր Նուպի: Քուշի թագաւորութիւնը այդ շրջանին վրայ իշխած է Ք.Ա. երրորդ հազարամեակէն մինչեւ Ք.Ե. 4-րդ դար:
– Եգիպտոսը միակ երկիրը չէ, ուր բուրգեր գոյութիւն ունին: Սուտանի բուրգերուն կողքին, մայաներուն բուրգերը տակաւին կանգուն են Մեքսիքայի կամ Կուաթեմալայի մէջ, Հարաւային Ամերիկա:
– Սակայն Եգիպտոսի մէջ է, որ մենք կը գտնենք ամէնէն մեծ թիւով ամէնէն վեհ բուրգերը…
– Այս ձեւով, նոր բուրգ մը գտնուեցաւ Լուքսորի մէջ (Եգիպտոս): Անիկա ունի մօտաւորապէս 12 մեթր բարձրութիւն եւ 15 մեթր լայնութիւն: Ներկայիս միայն անոր աւերակները մնացած են: Հաւանաբար անիկա փարաւոնի մը կարեւոր նախարարներէն մէկուն էր:
Հարցարան
Հին Եգիպտոսի Մասին
1) Ի՞նչ կը կոչուի Ռամսէս 2-րդին նախընտրած կինը:
ա – Կղէոպատրա, բ – Նեֆերթիթի, գ – Նեֆիրթարի
2) Քանի՞ զաւակ ունեցած է Ռամսէս 2-րդ:
ա – 6, բ – 13, գ – 120:
3) Կղէոպատրա 7-րդ դարու սկիզբը իշխեց իր եղբօր` Փթոլեմի 13-ի հետ. սակայն այս վերջինը զայն գահէն հեռացուց: Ո՞վ օգնեց հեռացուած թագուհիին` վերատիրանալու իր գահին:
ա – Մարկոս Անտոնիոս, բ – Յուլիոս Կեսար, գ – Փթոլեմի 14-րդ:
4) Ինչպէ՞ս մահացաւ Կղէոպատրա 7-րդ թագուհին:
ա – Ան արկած մը ունեցաւ խոհանոցի դանակով մը, բ – Անկողինին մէջ, ծերութենէն, գ – Ան ինքզինք թունաւորեց օձի մը խայթուածքով:
5) Ինչպէ՞ս մահացաւ Թութանխամոն թագաւորը:
ա – Հաւանաբար սրտի կաթուածով մը, բ – Ան թունաւորուեցաւ, գ – Ան գլխուն ետեւէն հարուած մը ստացաւ:
6) Ինչո՞ւ Հաթշեփսութ թագաւորը իւրայատուկ էր:
ա – Ան կին էր, բ – Ան բուրգերը շինեց, գ – Ան մերժեց եգիպտական թաղման ընդունուած աւանդութիւնները:
7) Ինչպէ՞ս կը գիտնար փարաւոնը իշխելու կերպը:
ա – Ան փորձեց իր առաւելագոյնը ընել, բ – Ան ունէր խորհրդականներու խումբ մը, որ իրեն կ՛օգնէր, գ – Ան իր ընկերներէն կը խնդրէր իրեն օգնել:
8) Երբ առանց ժառանգորդի փարաւոն մը կը մահանար, սովորաբար ո՞վ անոր կը յաջորդէր:
ա – Իր երկու վարչապետներէն մէկը, բ – Բարձրագոյն կղերականը, գ – Անոր ընտրած ընկերներէն մէկը:
9) Ո՞ր շինութիւնը ամէնէն կարեւորն էր եգիպտական քաղաքի մը մէջ:
ա – Դատարանները, բ – Տաճարը, գ – Քաղաքապետարանը:
10) Ինչո՞ւ Փունթի շրջանը (ուր եգիպտացիները կ՛երթային հեռաւոր վայրերէն եկած ապրանքներ փոխանակելու) խորհրդաւոր է:
ա – Մենք չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուի ան, բ – Մենք չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս եգիպտացիները հոն կը հասնէին, գ – Փունթէն եգիպտացիներուն բերած ապրանքները հոն արտադրուած չէին կրնար ըլլալ:
11) Քանի՞ քարի կտորներ գործածուած են շինելու համար Քուֆույի Մեծ բուրգը:
ա – 200, բ – 20,000, գ – 200,000:
12) Ինչպէ՞ս զարդարուած էր Քուֆույի Մեծ բուրգը:
ա – Ամբողջովին ոսկիով պատուած է եւ գոհարեղէններով զարդարուած է, բ – Ճերմակ, ողորկ շաղախի մէջ մխրճուած է, գ – Ճերմակ կրահողով ծածկուած է եւ ունի ոսկի գագաթ մը:
Պատասխանները՝
վերջաւորութեան
Աշխարհի Ամէնէն Երկար Գետը`
Նեղոսը
Ափրիկէի մէջ Նեղոս գետին երկարութիւնն է 6,671 քմ, Ուկանտայի եւ Թանզանիոյ Վիքթորիա լիճին վտակներէն մինչեւ Միջերկրական ծով:
Անոր տարբեր խորութիւններուն պատճառով նաւերը կրնան նաւարկել միայն մօտաւորապէս 3,217 քմ-ի վրայ: Նեղոսը կ՛անցնի Ռուանտայէն, Ուկանտայէն, Սուտանէն եւ Եգիպտոսէն: Այս գետը կենսական է ափրիկեան այս երկիրներուն համար: Նեղոսին թանկագին ջուրը կը գործածուի արտերը ջրելու եւ ելեկտրականութիւն արտադրելու:
Եգիպտոսի մէջ կառուցուած Ասուանի ամբարտակը եւ Ասուանի Բարձր ամբարտակը կը գործածուին աշնան ողողումներուն ջուրը ամբարելու` հետագային գործածելու համար: Նեղոսը կ՛օգտագործուի նաեւ գետին երկայնքին քաղաքէ քաղաք ապրանքներ փոխադրելու համար:
Վեհանձն Հրաբուխ Մը
2010-ի գարնան տարօրինակ անունով ֆինլանտական հրաբուխ մը (Էյժաֆժոլլ) իր մոխիրները արձակեց մթնոլորտին մէջ, բազմաթիւ շաբաթներու ընթացքին:
Այս ամպը արգելք եղաւ օդանաւերուն, որոնք չէին կրնար թռչիլ անոր ընդմէջէն: Սակայն ամպին մոխիրները օգտակար եղան ովկիանոսներուն:
Ըստ անգլիացի գիտնականներու, երկաթով հարուստ մոխիրները նպաստեցին ֆիթոփլանքթոններու աճումին: Ծովուն մէջ ապրող այս մանր բոյսերը ծովային բազմաթիւ անասուններու ուտելիքն է: Անոնք մեծ ուրախութեամբ «սեղան պիտի նստին»:
Տոկուն Սարդոստայնը
Անգլիացի գիտնականներ կը հաստատեն, թէ Սփայտըր-մենի սարդոստայնի նման ոստայն մը կրնայ դիւրութեամբ շոգեկառք մը կեցնել: Անոնք բազմաթիւ հաշիւներ ըրած են:
Ոստայնի թելին հաստութիւնը եւ տոկունութիւնը անոնց մտածել կու տան «Սփայտըր-մեն 2» ժապաւէնի տեսարանը, ուր հերոսը իր արձակած թելով շոգեկառք մը կը կեցնէ, կարելի է իրագործել:
Յաճախ կ՛ըսուի, թէ սարդոստայնի թելերը պողպատէն աւելի զօրաւոր են: Գիտնականները ուզած են գիտնալ, թէ այս հաստատումը կրնա՞ր իրական ըլլալ ժապաւէնին մէջի տեսնուած իր չափով:
Եզրակացութի՞ւն: Այդ չափի ոստայնի թելի մը զօրութիւնը կարելի է:
Մարդամեքենայ Բարձեր
Ճափոնը նշանաւոր է իր հնարած տեսակաւոր մարդամեքենաներով: Անոր մասնագէտներուն ներկայացուցած վերջին մարդամեքենային օրինակը կը կոչուի «ԶԶԶօօ փիլոու» (ԶԶԶօօ բարձը):
Այս խաղալիքի նման մարդամեքենան կը շնչէ, ունի սիրտ մը, որ կը տրոփէ, եւ 37 ջերմաստիճան, մարդ արարածի մը նման: Ան քնանալու կ՛օգնէ:
Ժամանց
Պատասխաններ
1) գ – Նեֆիրթարի թագուհի Ռամսէս 2-ի նախասիրած կինն էր: 2) գ – Ռամսէս 2-րդ ունէր բազմաթիւ կիներ եւ հաւանաբար նուազագոյնը` 120 զաւակներ: 3) բ – Յուլիոս Կեսարը Կղէոպատրային առաջին հռոմէացի սիրականն էր: Ան օգնեց թագուհիին` գահը յափշտակելու իր խորթ եղբայր Փթոլեմիէն: 4) գ – Կղէոպատրա ինքզինք թունաւորեց օձի մը խայթուածքով, երբ ան իր երկիրը կորսնցուց: 5) գ – Թութանխամոնին մոմիան կը բացայայտէ, որ երիտասարդ թագաւորը մահացած է գլխուն ետեւը ստացած հարուածի մը պատճառով: Ան հաւանաբար սպաննուած է: 6) ա- Կիները իրաւունք չունէին փարաւոն ըլլալու. հետեւաբար Հաթշեփսութ ինքզինք Հաթշեփսութ թագաւոր անուանեց երկրին վրայ կարենալ իշխելու համար: 7) բ – Փարաւոնը ունէր խումբ մը ընտրուած խորհրդականներ, որոնց կարծիքը կը հարցնէր: 8) ա – Պատահած է, որ շարք մը պարագաներու վարչապետը գահ բարձրացած է փարաւոնին մահէն ետք: 9) բ – Տաճարը քաղաքի կեանքին կեդրոնն էր: Տաճարներուն մէջ կրնային գոյութիւն ունենալ գրասենեակներ, դատարաններ եւ երբեմն` հիւանդանոց մը կամ դպրոց մը: 10) ա – Հակառակ անոր, որ հին եգիպտացիները կը խօսին Փունթի մասին, մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ան ո՛ւր կը գտնուէր: 11) գ – Մօտաւորապէս 2 միլիոն քարի հսկայական կտորներ գործածուած են Մեծ բուրգը շինելու համար: 12) գ – Մեծ բուրգը ծածկուած էր ճերմակ կրահողով եւ անոր գագաթը պատուած էր ոսկիի թերթերով:









