Արժանաւոր Նշում` Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Մկրտութեան Յիսնամեակին

1915-ի Հայոց  ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ գաղթական դարձած հայ ժողովուրդի ղեկավար խաւը` յաջորդական վեհափառ հայրապետները, կուսակցական եւ ազգային ղեկավարները, ինչպէս նաեւ մեր հայրենի հողին շունչով տոգորուած ձեռներէց հայորդիները սփիւռքի տարածքին լծուեցան հայութեան գոյատեւումը երաշխաւորող նուիրական առաքելութեան: Այս առումով հայ դպրոցը ունէր առանձնայատուկ դեր` կրթութեան կողքին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղի Ազգային Լուսինեան վարժարանը` հիմնուած 1932-ին, իբրեւ հայկական կրթօճախ կը պատրաստէր հայկական դիմագիծով ապագայի խոստմնալից անձեր: Հիմնադրութենէն երեսուն տարիներ ետք թաղին պահանջները բազմացան, եւ 1963-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը դիմեց ձեռներէց սսեցի հայու մը` յանձինս Աքսոր Գասարճեանի, որ ստանձնէ Ազգային Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի նորոգութեան ամբողջ ծախսը:

14 մարտ 1963-ին Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը կը ծանուցէր, թէ Աքսոր Գասարճեան սիրայօժար ստանձնած է հոգալ նորոգութեան ծախսերը: Լիբանանի հայոց թեմի  Ազգային իշխանութիւնը որոշեց վարժարանը վերամկրտել Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան անունով`  առ ի երախտագիտութիւն Աքսոր Գասարճեանի իշխանավայել նուիրաբերումին: Օրին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. վեհափառ երախտարժան հայրապետը եւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Բարոյեանը Ս. Սարգիսի տօնին առիթով հովուապետական այցելութեան ընթացքին փառաշուք կերպով կատարեցին վերանուանուած եւ վերանորոգուած Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի բացումը:

Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի յիսնամեակը լուսարձակի տակ առնելու համար վարժարանի հոգաբարձութիւնը պաշտօնական ճաշկերոյթով մը պատուեց Գասարճեան ընտանիքի անդամները, շաբաթ, 23 մարտ 2013-ին «Ֆուար Անթիլիաս» ճաշարանին մէջ:

Ճաշկերոյթը կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ներկայ եղան Աքսոր Գասարճեանի կինը եւ զաւակները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան: Ան նշեց, թէ Աքսոր Գասարճեան վարժարանը  յիսուն երկար  տարիներ Նոր Սիս թաղամասին մէջ կոփած է սերունդներ: Ա. Աղասարգիսեան մատնանշեց վարժարանին բարօր եւ դժուարին օրերը եւ դիտել տուաւ, թէ մեծ զոհողութեամբ, ինչպէս նաեւ յաջորդական տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն, հոգաբարձութեան եւ թաղական խորհուրդին ջանքերուն շնորհիւ  կարելի եղաւ յաղթահարել դժուարութիւնները: Այս առումով երախտագիտական զգացումներ յայտնեց վարժարանի բարերարին ընտանիքին, որ կը շարունակէ իր ամուսնոյն եւ հօր ուղին:

Վարժարանի տնօրէնութեան խօսքէն ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ վիտէօ երիզ մը` 1963-ին նկարահանուած, ուր ներկաները դիտեցին  Զարեհ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւնը Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ վերամկրտեալ Աքսոր Գասարճեան վարժարանին բացումը:

Ճաշկերոյթին սեղանավար Գէորգ Նալպանտեան վարեց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, որ հայկական ճոխ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան արտասանեց օրհնութեան խօսքը: Ան հայ դպրոցին դերը սփիւռքի տարածքին նկատեց անհրաժեշտութիւն եւ առաջնահերթութիւն, առանց որուն մեր գոյութիւնը կը խաթարուի: Խօսելով վարժարանի բարերար Աքսոր Գասարճեանի մասին` զայն նկատեց  անձնուէր եւ հայասէր ազգային մը, հեռու  լուսարձակներէ: Աքսոր Գասարճեան հայ ազգին իր լուման ներդրած է առանց դոյզն իսկ գնահատանք մը ակնկալելու: Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ վարժարանի մկրտութեան յիսնամեակին առիթով Աքսոր Գասարճեանի երազը եւ նուիրաբերումը կը շարունակուի իր  ընտանիքին կողմէ: Գեղամ արք. Խաչերեան յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեանին անձնուէր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ջանքերուն, որոնց շնորհիւ վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութինը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի կարկանդակի հատում առաջնորդ սրբազան հօր, Աքսոր Գասարճեան ընտանիքին եւ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեանի կողմէ:

Այս առիթով կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Բարի երթ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES