ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Օր. Տալու Հաճոյքը
ԱԶՆԻՒ Գ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Թէ պիտի տաս
Տուր աղօթքի պէս պատարագի
Բաշխուելով հոգեզմայլ
. . . . . . . . . . . . . .Հոգիներու հաւատքի:
Թէ պիտի գաս
Քարափներուն տուայտանքի
Լեցուն բուռով
Սերմանէ այնտեղ ուրախութիւնն օրհնաբեր:
Թէ պիտի երթաս
Հանդերն ցնծութեան ու պիտի թնդաս
Լուռ տառապող հոգիներու
Կաթիլ մը ձէթը չմոռնաս:
Կամաւորի անսակարկ ոգիով
Մենք միասին աշխատինք
ԼՕԽ-ի առաքելութեան ի խնդիր
Թէկուզ այրի կնոջ լումայով:
Մարտ, 2013
CATEGORIES Անդրադարձ

