ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Մասնակցելով՝ Կ’ամրապնդենք Մեր Ազգային Գիտակցութիւնը

ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան առիթով լիբանանահայ տարբեր անձնաւորութիւններու ուղղուեցան հետեւեալ հարցումները, որոնց պատասխանները կը հրատարակենք այս սիւնակներով:

1.- ԼՕԽ-ի նախաձեռնած «Պնակ մը կերակուր» նախաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէք, մանաւանդ` անոր ստեղծման հանգրուանին, երբ նոր յարութիւն առնող հայութիւնը կարիք ունէր այդ «կերակուր»-ին:

2.- ԼՕԽ-ի գործունէութեան զուգահեռ, հանգանակութիւնը կարեւոր կը նկատէ՞ք, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ անոր ընդմէջէն ժողովուրդը եւս մասնակից կը դառնայ նուիրական գործին:

3.- Կեանքի մէջ ընդհանրապէս տալու, նուիրելու, լուռ օժանդակելու արժէքը ի՞նչ է ըստ ձեզի:

1.- «Պնակ մը կերակուր»-ը օրուան անհրաժեշտութենէ ծնած խիստ կարեւոր ու գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր, անիկա մեծ կարիք էր  մանաւանդ իր ստեղծման հանգրուանին: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ նախաձեռնութեան դրական արդիւնքը անմիջականօրէն զգացուեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներուն մէջ:

2.- Հանգանակութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է ԼՕԽ-ի գործունէութեան դաշտին մէջ, որովհետեւ այսպիսով ժողովուրդը մասնակից կը դառնայ տալու, նուիրելու եւ օժանդակելու գաղափարին, որմէ անմասն պէտք չէ մնայ ոեւէ անհատ:

3.- Նուիրելն ու օժանդակելը կարելի չէ արժեւորել, որովհետեւ այդ մարդկային մօտեցումը գումարով կամ մտածումով չի գնահատուիր: Լուռ օժանդակութիւնը ունի իրեն յատուկ իմաստ ու յատուկ նպատակը, որուն շնորհիւ կ՛իրագործուին մեր ժողովուրդին կեանքի բարելաւման զանազան ծրագիրները:

ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ

1.- Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ազգային-բարեսիրական գործունէութեան պատուաբեր էջերէն մէկը կը կազմէ «Պնակ մը կերակուր»-ի նախաձեռնութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ ի գործ դրուած է մեր գաղութին մէջ: «Պնակ մը կերակուր»-ի գաղափարը ծնունդ առած է Բ. Աշխարհամարտի առաջին տարիներուն, երբ Լիբանանի հայութիւնը կ՛ապրէր ծանրակշիռ օրեր: Անհրաժեշտ էր անմիջական օգնութեան հասնիլ սովահար հայ բազմութիւններուն եւ ամէնէն առաջ` նոր սերունդին: Այդ ծանր ու պատասխանատու գործը կը ստանձնէ ԼՕԽ-ը եւ, ժամանակակիցներու վկայութեամբ, զայն կը կազմակերպէ այնպիսի հոգատարութեամբ, կանոնաւորութեամբ եւ բարեխղճութեամբ, որ նախանձը կը շարժէ պետական նեցուկ վայելող կազմակերպութիւններուն:

Շնորհիւ այդ նախաձեռնութեան, Պէյրութի հայաշատ շրջաններու ազգային վարժարաններու բազմահարիւր աշակերտ-աշակերտուհիները, կրթական տարեշրջանի ինը ամիսներուն, շաբաթը չորս օր, կէսօրներուն, կը ստանան տաք կերակուր: «Պնակ մը կերակուր»-ի շնորհիւ, ԼՕԽ-ը կը փրկէ սննդակարօտ հայ աշակերտութեան ֆիզիքական գոյութիւնը` հիմնուելով «առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ» իմաստութեան վրայ:

2.- Մարդիկ առհասարակ նիւթապաշտ կը ծնին: Դաստիարակութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնն է, որ հոգեփոխութեան կ՛ենթարկեն մարդը եւ կը մղեն զայն նիւթական կարելիութիւնները ոգեղէն արժէքներու ի սպաս դնելու, նիւթը ոգիի վերածելու: Այս իմաստով, ԼՕԽ-ի հանգանակութեան մասնակցութիւնը դաստիարակիչ է եւ ամէնէն առաջ կը ծառայէ մեր ազգային գիտակցութեան ամրապնդման: Երեւոյթը միաժամանակ խրախուսական է եւ խոր գոհունակութեամբ մը կը հաստատէ, որ զոհողութեան եւ նուիրաբերումի տրամադրութիւնները չեն ցամքած մեր ժողովուրդին մօտ:

ԼՕԽ-ի հանգանակութեան մասնակցելով` մենք նուազագոյնը հատուցած կ՛ըլլանք կանացի մեր մեծ կազմակերպութեան, որ տասնամեակներ շարունակ, անխտրական ոգիով ու կամաւոր ծառայութեամբ, սրբեց հայ որբին արցունքը, հայ մօր տուաւ ինքնաճանաչումի զէնքը, ժպիտ տուաւ հայ ծերունիին, դեղ ու դարման` հայ հիւանդին:

Հինէն ի վեր, մեր իմաստուն ժողովուրդը համոզուած է, որ «ինչ բարիք որ ընես, այդ կը մնայ միայն»: ԼՕԽ-ի հանգանակութեան մասնակցողները այդ իմաստուն ժողովուրդին զաւակներն են, որոնց լումաներով ամէն նուիրատուութիւն կը վերածուի բազմապատի՛կ բարիքի:

3.- Կեանքի մէջ տալը ուրախութիւն է, առնելը` հաճոյք: Ուրախութիւնը բարիքի անսպառ աղբիւր է, որ տալով` կ՛աւելնայ: Չի նմանիր նիւթական ստացուածքի, որ տալով` կը պակսի: Տալը նոյնքան տուողին օգուտ ունի, որքան` ստացողին:

Տալը կ՛ենթադրէ գուրգուրանք եւ զոհողութիւն: Այդ պատճառով ալ տրուածը կը դադրի միայն դրամ ըլլալէ, միայն նիւթական արժէք ըլլալէ, այլ կը ներկայացնէ  նուիրողին սիրտն ու հոգին, զոր կարելի չէ նիւթով չափել: Վիքթոր Հիւկօ պիտի ըսէր` «Միտքը կը հարստանայ իր ստացածով, սիրտը կը հարստանայ իր տուածով»:

Տալու լաւագոյն օրինակը կու տայ ԼՕԽ-ը` ինք, երբ ողորմութիւն տալու, խիղճեր գնելու, բարոյական նուաստացումներու ենթարկելու, կասկածելի պարտադրանքներու ենթարկելու փոխարէն` մայրական ու քրոջական ձեռք կ՛երկարէ օգնութեան պէտք ունեցողներուն, պահելով անոնց արժանապատուութիւնն ու պատիւը, որպէսզի այդ նպաստներով վերականգնող հայ մարդիկ պահեն իրենց անկախ գոյութիւնը եւ իրենց կարգին դառնան Օգնութեան խաչի սկզբունքները իւրացնող եւ հայութեան եւ հայրենիքին համար աշխատող անհատներ:

 Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Տնօրէն Ազգ. Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի

1.- ԼՕԽ-ը իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ ազգանպաստ դեր ունեցած է լիբանանահայ կեանքին մէջ: Այն օրերուն, երբ լիբանանահայութիւնը տակաւին հազիւ ոտքի կանգնած էր, ԼՕԽ-ը եղաւ առաջին կազմակերպութիւններէն մէկը, որ կրցաւ «Պնակ մը կերակուր» հանգանակութեամբ ապահովել կարօտեալ հայուն առօրեայ սնունդը: Այդ «Պնակ մը կերակուր»-ը տակաւին կը հրամցուի լիբանանահայ կարիքաւորին տարբեր-տարբեր մարզերու մէջ, ըլլայ ան հայ անօգնական ծերերու ամէնօրեայ սնունդը պահելով կամ բժշկական խնամք տրամադրելու` իր տարբեր դարմանատուներու շնորհիւ, կամ հայ չքաւոր աշակերտին կրթաթոշակը հոգալով, ինչպէս նաեւ գործունէութիւններով:

2.- Չկայ գործունէութիւն մը, որ չի կարօտիր նիւթականի, իսկ առանց նիւթական կարելիութիւններու ամէն գործունէութիւն դատապարտուած է ձախողութեան: Այստեղ չենք կրնար չխօսիլ նախաձեռնութեան ոգիին ու զայն իրականացնելու կամքին մասին, որոնք նոյնքան եւ աւելի կարեւոր են:

Նիւթականի չգոյութեան ատեն ահա այդ նուիրեալ հայուհիները գտան ձեւը ստեղծելու զայն, եւ ժողովուրդէն առնուած լուման ժողովուրդին վերադարձուեցաւ տարբեր ձեւերով: Յատկանշականը այն է, որ այս հանգանակութիւններուն չեն մասնակցիր միայն անոնք, որոնք հարուստ են, այլ կը մասնակցին նոյնինքն ժողովուրդը, աշակերտը, սկաուտը, փոքրիկ արծուիկն ու գայլիկը, մէկն իր պարարտ քսակով, միւսը իր համեստ լումայով: Եւ այսպէս ազգօգուտ աշխատանքին կը մասնակցի ազգը ամբողջ:

3.- Ինչպէս կ՛ըսեն մեծագոյն հաճոյքը ոչ թէ ստանալն է, այլ` տալը, տալ հաճոյքով, սիրով ու անձնազոհութեամբ:

Մեր քսակէն քանի մը դահեկան նուիրելը ոչինչ է այն նուիրուածութեան եւ անձնազոհութեան դիմաց, զոր կը կատարեն ԼՕԽ-ականները:

Ամէն տարի նոյն կազմակերպուածութեամբ` գիտակցելով այս գործին կարեւորութեան, ԼՕԽ-ի նուիրեալները կը բախեն ամէն հայու դուռ, ստանալու համար այն նուիրատուութիւնը, որ անպայման իր ներդրումը պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութիւնը յաջողցնելու ու ծաւալելու մէջ:

Հետեւաբար, բոլորս` հարուստ թէ աղքատ, մեծ թէ փոքր մեր ձեռքերը տանինք մեր քսակներուն եւ նուիրենք մեր կարողութեան չափով, գոհունակութիւն ապրելով, որ մենք ալ մեր բաժինը ունեցանք այս առաքելութեան մէջ:

ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տնօրէն Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանի

1.- ԼՕԽ-ի ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, նախապէս եւ այժմ, «Պնակ մը կերակուր» գաղափարը կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ բարձր կը գնահատուի, թէեւ գործադրման ձեւը այս օրերուն փոխուած եւ բարելաւուած է` նկատի ունենալով կարիքի բազմացումը եւ օժանդակելու ձեւին տարբերութիւնը:

2.- ԼՕԽ-ի հանգանակութեան ծրագիրը կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, եւ ժողովուրդը սիրայօժար տրամադրութեամբ կը մասնակցի` հաւատալով ԼՕԽ-ի նուիրական աշխատանքին:

3.- Պայման չէ, որ օժանդակելը, նուիրելը, տալը կատարուին յայտարարութեամբ. անոր արժէքը կը ներկայանայ անանձնական հաճոյքին մէջ` անդրադառնալով եւ հաւատալով, որ ԼՕԽ-ը իր բազմաթիւ ծրագիրները ի գործ կը դնէ իր ժողովուրդին համար:

ՍԻԼՎԱ ՍԱՂԸՐԵԱՆ
Տնօրէն ԱՖԷՏ-ի

 1.- Ամէն անգամ որ մուրացկան մը կը տեսնեմ, միշտ նոյն միտքը կը պատէ մտածողութիւնս. արդեօք մուրացկանի շրջապատը չի՞ կրնար հաւաքական ճիգերով օգնել այս մուրացկանին, որպէսզի չմուրայ: Ես կը հաւատամ ազգի գոյութեան եւ հաւաքական ճիգի արդիւնքին, Հպարտ եմ, որ հայ մուրացկաններ չկան եւ այդ մէկը, մեծ մասով, ԼՕԽ-ի գործունէութեան արդիւնք է: «Պնակ մը կերակուր»-ը ատենին անհրաժեշտութիւն մըն էր եւ միայն կարելի է գնահատել ԼՕԽ-ը, որ ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ քայլերով իր օգնութեան ձեռքը երկարեց մեր ժողովուրդի կարօտեալ զաւակներուն:

2.- ԼՕԽ-ի համար հանգանակութիւնը, օգտակար ըլլալէ անդին, անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն անոր համար, որ այդ հանգանակութեամբ ԼՕԽ-ը կրնայ գումարներ ձեռք բերել, որոնք անհրաժեշտ են իր բազմաճիւղ գործունէութեան համար, բայց մանաւանդ անոր համար, որ այդ քայլով ժողովուրդը մասնակից կը դառնայ իրերօգնութեան վսեմ աշխատանքին, որ կը կատարուի ԼՕԽ-ի միջոցով: Վերջապէս մենք որպէս ազգ պէտք է դադրինք ուրիշներէ նպաստներ ձեռք բերելով մեր աշխատանքը յառաջ մղելէ: Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական ճիգերով պէտք է յաջողի իր բարեգործական ծրագիրները յառաջ մղելու:

3.- Մարդկային կեանքին մէջ կան բազմապիսի հաճոյքներ, որոնք կ՛ուրախացնեն մարդը, երջանկութեան զգացումով կը պատեն մարդկային հոգին: Բացի բնազդային հաճոյքներէ, կան նաեւ անոնցմէ վեր` համամարդկային հաճոյքներ, որոնք մարդկային հոգին կ՛երջանկացնեն եւ խաղաղութեամբ կը լեցնեն: Այդ բարձր հաճոյքներէն է ուրիշին տալու, ուրիշին թիկունք կանգնելու եւ մանաւանդ ուրիշը ուրախացնելու հոգեկան գոհունակութիւնը, որ պէտք է կատարուի առանց փառասիրութեան, առանց ցուցամոլութեան: Չմոռնանք մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը. կեանքէն ոեւէ մէկուն բան մը չի մնար, կը մնայ միայն այն, «որ տուի ուրիշին»: ԼՕԽ-ը տուող, օգնող, օժանդակող միութիւն է, որ պատիւն է մեր ժողովուրդին: Անոր թեւ եւ թիկունք կանգնիլը իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է, հոգիի պարտքը:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

1.- Մեծ եղեռնին յաջորդող տարիներուն լիբանանահայութեան կարիքներէն 1930-ին ծնունդ առած ԼՕԽ-ի առաջին վարչութեան առողջապահական (համաճարակի կանխարգիլում, հիւանդներու խնամք) թէ ընկերային (գործ, հագուստեղէնի բաշխում) առօրեայ աշխատանքներէն անկախ, հիմնական առաջադրանքն ու աշխատանքի կիզակէտը կը հանդիսանայ նորահաս սերունդին առողջ աճումն ու զարգացումը:

Կրթաթոշակի կողքին, հաւատալով «առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» գաղափարին, 1932-ին կը սկսի ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու չորսօրեայ «պնակ մը տաք ճաշ»-ի դրութիւնը, որ պիտի շարունակուէր մինչեւ 1974 թուականը:

Զանազան հանգրուաններու, 1944-ին 750 աշակերտ եւ 70 ծերունի ու այրի, 1951-ին 800 աշակերտ, 1973-ին` 450 աշակերտի թուականի տուեալները լաւագոյն գնահատանքն են ԼՕԽ-ի ձեռնարկած այս հսկայական աշխատանքին, զոհաբերութեան եւ նիւթական զոհողութեան:

Ու վստահաբար այդ հանգրուանին ապրողներու ականատեսի վկայութիւնները լաւագոյն գնահատանքն են այդ ՄԵԾ ԳՈՐԾԻՆ: Արդարեւ, ՀՕՄ-ի պարբերաթերթի էջերուն մէջ Նոր Մարաշի Հայ ազգային երկսեռ վարժարանի տնօրէն Ղազար Չարըգ կը յայտարարէ. «Ամէն գնով պէտք է զօրավիգ կանգնինք Օգնութեան խաչի այս ազգակերտ ձեռնարկին» ու կը հաստատէ. «Պնակ մը կերակուր… իրականին մէջ կերակուրէ աւելի` ազգին սիրտն է, որ հոն դրուած է, ու այդ սրտովն է, որ կը հաղորդուին բազմահարիւր հայորդիներ… ազգին ըրած դրամական զոհողութիւնը նորահաս սերունդին մէջ արեան, միսի ու ոսկորի` դիմադրական ուժի վերածուած` վերստին ազգին կը վերադարձուի, բաղադրեալ տոկոսով միասին… ապագան առողջ ու կենսունակ ազգերունն է եւ գոյատեւելու առաջնակարգ պայմանն ալ` լա՛ւ սննդառումն է…»:

2.- Որեւէ ժամանակէ աւելի հանգանակութիւնը անհրաժեշտութիւն է այսօր եւ անհրաժեշտութիւն պիտի մնայ միշտ, որովհետեւ անիկա սովորութիւն մը կամ աւանդութիւն դարձած ձեռնարկ մը չէ, որ պատրաստուած ըլլայ ոեւէ անհատի կողմէ տարին մէկ անգամ յիշելու, տօնելու կամ ձեռնարկելու:

«Ծոմապահութեան օր», «Պնակ մը կերակուրի օր» թէ «Հանգանակութեան օր» պարզ անուններ չեն, այլ իրենց մէջ կ՛ամփոփեն հայ ժողովուրդին ընկերային մտածելակերպը, մշակոյթ-դաստիարակութիւնը, տառապանքն ու տագնապը, հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, գոյատեւելու պայքարը, իր իւրայատկութիւնը պահելու մարտահրաւէրը, զարգացած հաւաքականութիւն ըլլալու իրաւունքը: Վերոնշեալ յատկանիշները մամուլի էջերուն մէջ արձանագրուած կամ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին արտայայտուած պարզ բառեր չեն եւ պէտք չէ ըլլան, այլ` իւրաքանչիւր հայու ամէնօրեայ, ամէն վայրկեանի ապրում, տագնապ, ամբողջական ներդրում ու անսակարկ նուիրում, որ կարելի է իրագործել` նպաստելով հայ հաւաքականութեան պահպանումին լծակներէն ԼՕԽ-ի նպատակներուն գործնական իրականացումին:

Մէկ մեծ նպատակ` հայութեան գոյատեւում եւ պահպանում, իրագործելի բազմաճիւղ գործադաշտերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար հաւանաբար պէտք է «Հանգանակութեան օր» մը յայտարարել:

Եւ որպէսզի տագնապներով  լեցուն ներկայի աշխարհին մէջ ԼՕԽ-ը կարողանայ քայլ պահել զարգացող ընկերային, առողջապահական թէ կրթական մտածողութեան եւ գործելաձեւերուն հետ, անհրաժեշտ է, որ ան զինուած ըլլայ նիւթական ամուր կռուանով:

Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր բոլորս պէտք է պարտաւորութիւն, պարտականութիւն եւ իրաւունք համարենք մեր բաժինը բերելու ԼՕԽ-ի նիւթական կռուանի հզօրացման` տալով մեր լաւագոյնը, մեր կարելիութեան ու կարողութեան առաւելագոյնը, նմանելով Աստուածաշունչի իր վերջին լուման իր բախտակիցին տուող «աղքատ կնոջ», որովհետեւ այդ լումաները մեր ընկերուհիներու անխոնջ ու անսակարկ աշխատանքի քրտինքով շաղախուած` պիտի բազմապատկուին ու վերադառնան հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւկին ու պարգեւեն անոր բարօր կեանք ու զարգացում:

3.- Տալը, մանաւանդ լուռ տալը մարդուս ոչ միայն հոգին կը գոհացնէ, այլ նաեւ մարմնին առողջութիւն կը պարգեւէ:

Տալու ուրախութիւնը կը հանդարտեցնէ միտքը, կը լիացնէ հոգին ու կը հանգստացնէ մարմինը, ձեւով մը` մարդուս ամբողջութիւնը:

Որովհետեւ իր ենթագիտակցութեան մէջ կը տեսնէ, որ իր տուածը դպրոցական պատանիին շրթներուն ուսում ստանալու գոհունակութեան ժպիտը դրոշմած է, առողջ սնունդ ստացած ծերունիին դէմքին կայտառութիւն շնորհած է, հիւանդին պարգեւած է ֆիզիքական հանգստութիւն, ընտանիքի հօր իր ընտանիքին տէր ըլլալու հպարտութիւն եւ մանուկին հանգիստ, բարօր աճումին ուրախութիւն:

Եւ որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիի ուրախութիւնը ըլլայ մշտական, թող մեր կողմէ լռութեամբ տրուած լումաները ըլլան բիւր ու դառնան մեր ժողովուրդին տագնապող զաւակներուն խաւարը լուսաւորող մոմերը:

ՄԱԿԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Աքսորէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը, երբ Լիբանան հասաւ, շատ դժուար պայմաններու մէջ ապրեցաւ, անտուն, անօթի, յոգնած: Այդ օրերուն ԼՕԽ-ը, տեսնելով եւ զգալով հայ ժողովուրդին դժուար պայմանները, որոշեց օգտակար ըլլալ կարիքաւոր ընտանիքներու` նախաձեռնելով «պնակ մը կերակուր»-ին, որ շատ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր, եւ որ շարունակուեցաւ մինչեւ մեր օրերը` որպէս ԼՕԽ-ի «հանգանակութեան շաբաթ»:

Նպատակը այս նախաձեռնութեան` ժողովուրդէն առնելով վերադարձնել աւելի կարիքաւորներու, մանաւանդ ընկերուհիները դուռերը բախելով ժողովուրդը մօտէն մասնակից կը դարձնեն տալու գաղափարին, ամէն ոք` իր կարողութեան սահմանին մէջ: Այս օրերուն թէեւ դժուար առաքելութիւն մըն է տուն-տուն պտտիլը, բայց նպատակը վեհ ըլլալուն` գոհունակութիւն եւ բաւարարութիւն կը պատճառէ թէ՛ տուողին եւ թէ՛ կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնք կը հասնին իրենց նպատակին` օգտակար դառնալով ժողովուրդին:

Իսկ տալը, մանաւանդ սրտաբուխ տալը լռելեայն, առանց աղմուկի, առանց անունի եւ իրապէս կարիքաւոր անձերու, շատ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ տուողին, որովհետեւ որքան ստանալը լաւ եւ հաճելի բան է, նոյնքան ալ գեղեցիկ է տալու զգացումը:

ՍԵԴԱ ՉԷՕՐԵՔՃԵԱՆ

1.- Նկատի ունենալով «Պնակ մը կերակուր»-ի ստեղծման հանգրուանին անոր տուն տուող օրհասական պայմանները` ԼՕԽ-ի այս նախաձեռնութիւնը, հաւատարիմ իր կոչումին, ստեղծման օրէն, արժանաւորապէս իրականացուց եւ, ինչո՞ւ չէ, մինչեւ օ՛րս ալ կը շարունակէ իրականացնել, նաե՛ւ գերակատարել իր առաքելութիւնը` բառին ամբողջական իմաստով:

Սակայն ժամանակի թաւալումին հետ փոխուեցան մեզ շրջապատող պայմանները, ուստի «Պնակ մը կերակուր»-ի հասկացողութիւնը կը թուի ըլլալ ժամանակավրէպ:

ԼՕԽ-ի այս հանգանակութիւնը նորովի հանդէս գալու, ներկայ ժամանակին եւ նորօրեայ պայմաններուն համապատասխանող, նպատակայարմար ու դիպուկ անուանում մը, եւ անոր նպաստող գործընթաց մը, որոնելու ու գտնելու անհրաժեշտութիւնը արդէն իսկ կը զգացուի:

2.- Բոլորիս քաջ ծանօթ է, որ մեզ շրջապատող գրեթէ բոլոր միութիւններուն հիմնական եկամուտը կը գոյանայ հանգանակութիւններու ճամբով, որոնցմէ ամէն մէկը կ՛իրականացնէ այդ իւրովի. ԼՕԽ-ի  պարագային, հանգանակութիւնը առաւել եւս հրամայական ու էական կը համարուի իր վարած բազմաճիւղ ու ծաւալուն գործունէութեան համընթաց:

Այստեղ ողջունելի է ԼՕԽ-ի հանգանակութեան իւրայատուկ ոճը` «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» կարգախօսով, որ մասնակից կը դարձնէ ժողովուրդի բոլոր խաւերը իր տարած նուիրական գործին:

3.- Մանկութենէս հետեւեալ տողերը տպուած են յիշողութեանս մէջ, որոնք կ՛ուզեմ կիսել ձեզի հետ. այդ ժամանակ չէի ըմբռներ անոնց մէջ թաքնուած խորունկ փիլիսոփայութիւնը, սակայն աստիճանաբար սկսաւ յստականալ…

«Հաց ձգէ ջրոց երեսը
մի կարծեր թէ կ՛ընկղմի,
Թէեւ կ՛ուշանայ, արդիւնքը
Անպայման գտնես պիտի»…

Տողեր, որոնք եթէ մանկութեանս պարզունակ երգի մը կրկներգն էին, ապա այսօր արդէն կը հանդիսանան յոյսի ու հաւատքի ներշնչանքի աղբիւր, որ կը հաւատացնէ մեզ երկնային արդարութեան ու օրհնութեան մասին, որովհետեւ ինչ որ կու տաս լուռ ու սրտանց,  անպայման կը վերադառնայ բազմապատկուած, թէեւ` յաճախ ուշացած, բայց հաստատ` հասունցած ու քաղցրացած, զօրացնելով հոգիդ ու երջանկացնելով սիրտդ:

Երկարաշունչ բարոյախօսութենէ խուսափելու համար, վկայակոչելով բանաստեղծին խօսքերը, կ՛եզրափակեմ միտքս.

«… Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց:
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն»:

ՇՈՂԻԿ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES