ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Օր. ԼՕԽ-ը՝ Ժողովուրդին Նեցուկը
ԼՕԽ-ը իր առաքելութեան մայր հունին մէջ անշահախնդիր ծառայութեամբ, գիտակից նախաձեռնութեամբ եւ ազնիւ պատասխանատուութեամբ, հարթելով ամէն դժուարութիւն` թիկունք կը կանգնի իր ազգին զաւակներուն անխտիր:
ԼՕԽ-ի հիմնական հոգատարութիւնը եղած է հայ մանուկին շրթունքին վրայ դրոշմելու հայուն մեծասքանչ բարբառը եւ հայ պատանին հասցնելու իր բարձրագոյն ուսման:
Ամէն տարի ապրիլ ամսուն, ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան առիթով, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր մասնաճիւղերով եւ յանձնախումբերով մեղուաջան աշխատանքով կ՛այցելէ ժողովուրդին տուներն ու վաճառատուները, որոնք սրտաբաց եւ շնորհակալական խօսքերով կ՛ընդունին եւ իրենց ներդրումը կը կատարեն` քաջ գիտնալով, որ իւրաքանչիւր հատիկ, որ կը սերմանուի ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան դաշտին մէջ, կ՛ուռճանայ եւ կը հասնի իր նպատակին` արդարացնելով ԼՕԽ-ի հետեւեալ նշանաբանը.
«Ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին» համար:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ հանգանակութեան այս արշաւին, այցելելով բոլոր հայկական վարժարանները, կը տեղադրէ արկղիկներ` զարգացնելով մանուկին մէջ տալու գաղափարը, կը ցուցադրէ ԼՕԽ-ի գործունէութեան խտասալիկը` ծանօթացնելով ԼՕԽ-ին աշխատանքը եւ կը քաջալերէ զանոնք պզտիկ յուշանուէրներով:
Հանգանակութեան օրուան առիթով խաչուհիները գոհունակութեամբ կը լսեն երախտագիտական բազում արտայայտութիւններ, թէ` ԼՕԽ-ին կը պարտին իրենց ուսումը շարունակելու կարելիութիւնը կամ համալսարանական ուսման տիրանալը:
Վարձքը կատար բոլորին:
Յաջողութիւն, յարատեւութիւն ԼՕԽ-ին, որ իր առաքելութեան գնացքը հասցնէ գագաթնակէտին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿՐԹԱՆՊԱՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

