Հանգանակութիւն 2013. 13 – 14 ապրիլ

[ԼՕԽ-ը] Հայ կիներու ուխտեալ բանակ մըն է` ինքզինք նուիրած ՔՈՒ փրկութեան գործին եւ տասնամեակներէ ի վեր եղած է քու չարչարանքներու խաչակիրը, որպէսզի դուն, հայ ժողովուրդ, դաժան ճակատագրին առաջ ծունկ չչոքես:

Ստացար հաց, ջուր, զգեստ, ապաստան, դեղ, դրամ, անցագիր, գործ: Չմնացիր որբ, չմնացիր անտէր, չմնացիր անճար, չմնացիր անծածկ, չմնացիր անգրագէտ, չմնացիր անլեզու, չմնացիր անզէն, չմնացիր անգորով: Այս ամէնը ստացար դուն առանց նուաստացումի, առանց պարտական մնալու, որովհետեւ ընծայողները եղան ազգակիցներդ, իսկ հայթայթողներն ու բաշխողները` ցեղիդ մայրերն ու քոյրերը, որովհետեւ Հայ օգնութեան խաչուհիները գիտցան բաշխել նիւթին հետ` իրենց սրտին գորովը, ձեռքերուն գգուանքը, ձայնին սփոփանքը, հոգիին գուրգուրանքը եւ սիրոյ հրաշքը:

ՀՈՒՐԻ ԻՓԷԿԵԱՆ

Այո՛, դարձեալ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակութեան թուականն է:

Սիրելի հայրենակից, գիտէի՞ր, որ ամէն տարի հանգանակութեան առթիւ ԼՕԽ-ին նուիրաբերած լումաներուն շնորհիւ`

– Բազմաթիւ կարիքաւոր հայ մանուկներու առիթը կ՛ընծայես յաճախելու հայկական վարժարաններ, ուր ազգատրոփ ու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ իսկական հայորդիներ կը կերտուին:

– Ծերունի, չքաւոր կամ անտէր մամիկներուն եւ պապիկներուն մարմնին սնունդ, ցաւերուն սպեղանի կը պարգեւէ` փոխարէնը ստանալով անոնց անսահման օրհնութիւնը:

– Խեղճ ու տնանկ հիւանդին խնամք ու դեղ կը հայթայթէ:

Ու գիտէի՞ր արդեօք, որ նոյն ներդրումով ազգիդ կարօտեալ ու վատառողջ ձագուկները ԼՕԽ-ը երեքշաբաթեայ յատուկ յայտագիրով կը տանի կազդուրուելու մեր հայկական ամարանոցը` Այնճար:

Եւ այս տարի, գաղտնիք չէ, ԼՕԽ-ի հոգատարութեան կարիքը ունին նաեւ մեր սուրիահայ գաղթական ազգակիցները:

ԼՕԽ-ը մնալով հաւատարիմ իր գլխաւոր նպատակին` պիտի շարունակէ «Ծառայել ազգին». արդարեւ, ԼՕԽ-ը ցարդ կանգուն մնացած է իր ժողովուրդին ճամբով` իր ժողովուրդին համար, ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր:

Ի զուր չէր, որ Սահակ Բ. կաթողիկոս օրհնեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին հանգանակութիւնը:

Բարեգործութիւնը միշտ ալ օրհնեալ արարք եղած է, այս պարագային` թէ՛ իր մուտքով, թէ՛ իր ելքով:

Իմացի՛ր, ով հայորդի, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամ հայ կիներու նուիրեալ կամաւորներու հոյլը, տիւ ու գիշեր գորովագութ հայ մօր նման, ոգի ի բռին կը գործէ ազգին վէրքերը ամոքելու, նորանոր մարտահրաւէրներ յաղթահարելու եւ դէպի փայլուն ապագայ ճամբան հարթելու:

Քեզի կը մնայ մասնակցութիւնդ բերել այս սրբազան առաքելութեան իրագործման. սրտաբուխ նուիրուած իւրաքանչիւր լումայ օրհնութիւն ու բարիք պիտի դառնայ ո՛չ  միայն ստացողին, այլ նաեւ տուողին:

Ուստի եկո՛ւր մեզի հետ, ձեռք ձեռքի, քայլ առ քայլ նուաճենք անյայտ հորիզոններ` գործելով յօգուտ ազգի բարօրութեան:

Այո՛, դարձեալ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի թուականն է:

Թո՛ղ Աստուած հազարապատիկ հատուցէ քեզ:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES