Բարսեղ Գաւճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

«Ո՞վ կրնայ առագաստանաւ մը քշել առանց հովի, ո՞վ կրնայ ընկեր մը ձգել առանց արցունքի…»:

Այսպէս, սերունդէ սերունդ, սիրելիէ մը բաժանումի պահուն կը հնչեն այս բառերը, եւ յուզմունքով տեղի կ՛ունենայ բաժանումը: Այդ բաժանումը կ՛ըլլայ ֆիզիքակա՛ն, որովհետեւ բաժնուողին յիշատակը կը մնայ վառ, գործը` անմոռանալի:

Այդպէս է պարագան այսօր, սիրելի՛ եղբ. Բարսեղ: Այսօր մեզմէ կը բաժնուիս, մեր մօտ վառ պահելով յիշատակդ, եւ անմոռանալի կը մնայ կատարած գործդ:

Այդ գործի հանդէպ սէրը, սիրելի՛ եղբայր, ինչպէս սերնդակիցներուդ, կարծես քեզի՛ ալ տրուած էր ի ծնէ: Պատանի հասակէդ անդամակցելով ՀՄԸՄ-ին, հոն ըմբռնելով համեստութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան գաղտնիքը, եւ մանաւանդ «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ, ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» նշանաբանին ոգին, զանոնք վերածեցիր բնական եւ խաղաղ գործելաոճի:

Եղբայր Բարսեղը պիտի յիշենք իր ա՛յս յատկանիշներով:

Անցնելով կեանքի ճամբուն վրայ գտնուող երիտասարդութեան հանգրուանը, ան հիմնեց իր ընտանեկան բոյնը, եղաւ տիպար ամուսին, գուրգուրոտ հայր եւ ապա` բարեսիրտ մեծ հայրիկ: Ընտանեկան առօրեային միացուց միութենական առօրեան, կապը անքակտելի՛ էր այս պարագային: Եւ այսպէս, ան իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի փայլուն ֆութպոլիստ, անցաւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբ, զուգահեռ` ստանձնելով վարչական պարտականութիւններ:

Խորանալով ֆութպոլի ասպարէզին մէջ, ան ստացաւ լիբանանեան ֆութպոլի իրաւարարի կոչում, եւ արդարօրէն գործելով, եղաւ միջազգային իրաւարար: Շարունակելով, նուիրումի ճամբուն վրայ ստանձնած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական ֆութպոլի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը:

1970-ին, մասնակցելով ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիմնադիր անդամական ժողովին, ընտրուած է Անթիլիաս մասնաճիւղի հիմնադիր առաջին վարչութեան անդամ:

Ստացած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գնահատանքի գիր, ինչպէս նաեւ` Շրջանային վարչութեան ծառայութեան շքանշան:

Եղբայր Բարսեղը մի՛շտ եղած է գործունեայ ՀՄԸՄ-ական` ուղղակի կամ անուղղակի: Ան եղած է այն համեստ անձերէն, որոնք գերադասելով միութեան արժէքը, ճիգ չեն խնայած նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն բերելու իրնց սիրելի ՀՄԸՄ-ին: Օգտակար ըլլալով տասնեակ մը ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու, գործի առիթներ հայթայթելով անոնց, ի՛ր իսկ արհեստանոցին մէջ: Այսպէ՛ս էր եղբայր Բարսեղը, անտեսելով իր զբաղեցուցած դիրքը, գործած է համեստութեամբ, ծառայելով իր միութեան, մինչեւ բաժանումի օրը:

Այսօր, եղբայր Բարսեղ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղէն ֆիզի՛քապէս կը բաժնուիս, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքէն անակնկա՛լօրէն կը հեռանաս, խիղճդ հանգիստ կ՛երթաս, խաղաղութեամբ կ՛երթաս:

Ժպիտդ այսօր կը վերածուի հովի՛, որուն միջոցով առաջ պիտի երթայ ՀՄԸՄ-ի առագաստանաւը:

Հողը թեթեւ գայ, եղբա՛յր Բարսեղ:

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES