Ճատրակ. Անանտ – Քարլսըն Մրցումը Կ՛Ուզեն Հիւրընկալել Թրոմսէ Եւ Զեննայ

Իր լուրը քաղելով ռուսական chess-news.ru  կայքէջէն` PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նորվեկիական Թրոմսէ եւ հնդկական Զեննայ քաղաքները կ՛ուզեն հիւրընկալել ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք իրարու դէմ պիտի հանեն տիտղոսակիր հնդիկ Վիշվանաթան Անանտը եւ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընը:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, կը խօսուի Նիւ Եորքի մասին:

ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինով մօտերս պիտի այցելէ եւրոպական երկիր մը` այս ուղղութեամբ բանակցելու համար:

Սակայն ըստ Քարլսընի, աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար տեղի ունենալիք մրցումը աւելի նախընտրելի պիտի ըլլայ չէզոք երկրի մը մէջ կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES