Ճատրակ. Տուպայի Մրցաշարք. Գաբրիէլ Սարգսեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան իր վստահ ելոյթները կը շարունակէ Տուպայի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ան սեւ քարերով յաղթեց Ռինատ Ջամապայեւին (Ղազախստան)` արձանագրելով իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը եւ առանձինը գրաւելով պարագլուխի դիրքը:
Վլատիմիր Յակոբեան, որ սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վլատիմիր Պուրմաքինի հետ (Ռուսիա), 3,5 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Տիգրան Պետրոսեան, որ յաղթեց Զաուր Ռահմանին (Պանկլատեշ), 3,5 կէտով կը գտնուի 10-րդ դիրքին վրայ:
Յովիկ Հայրապետեան այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Լիլիթ Կալոյեան եւ Մարք Փասենչեան պարտուեցան:
CATEGORIES Մարզական

