«Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» Հրապարակեց Լիբանանի Գարնանային Ռելիին Մասնակցողներուն Անունները

Երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլին, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. ԹԷ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց անունները Լիբանանի գարնանային 29-րդ ռելիին մասնակցողներուն, որոնք թիւով 18 ինքնաշարժներու վարորդներն են:

Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 171, 63 քմ:

Անոր ազդանշանը պիտի տրուի կիրակի, 14 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ին դիմացէն: Սկզբնակէտին նման, անոր աւարտը եւս հոն տեղի պիտի ունենայ: Ըստ ակնկալութեան, հոն առաջին ժամանող ինքնաշարժը պիտի հասնի ժամը 14:30-ին:

Ստորեւ կու տանք այս ռելիին մասնակցողները.

1.- Ապտօ Ֆըղալի եւ Մարք Հատտատ. «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10»
2.- Շաֆիք Պուլոս եւ Ժորժ Նատեր. «Էվօ-10»
3.- Նիքոլա Ամիունի եւ Շետի Պէյրութի. «Էվօ-10»
4.- Թամեր Ղանտուր եւ Սելիմ Ժալիլաթի. «Էվօ-9»
5.- Ժիլպեր Պաննութ եւ Ռունօ Ժամուլ (Պելճիքա). «Մինի Քուփըր»
6.- Ռոպեր Ահրաժ եւ Սեմի Աուատ. «Ռընօ Քլիօ Ար.-3»
7.- Նեպիլ Ապտալհաք եւ Սամեր Սֆէյր. «Էվօ-10»
8.- Էտի Ապի Քարամ եւ Էլի Մըսալլեմ. «Էվօ-10»
9.- Ռապիհ Այյուպ եւ Ռիքի Ռըզք. «Էվօ-9»
10.- Ժոզեֆ Հընտի եւ Ռոնի Մարուն. «Էվօ-10»
11.- Պըշարա Պաշիր եւ Պըշարա Հատտատ. «Ռընօ Քլիօ Ար. Էս.»
12.- Էմիլ Ապու Քարում եւ Նաժըտ Ռուհանա. «Էվօ-9»
13.- Այս թիւը կրող ինքնաշարժ գոյութիւն չունի ռելիներու աշխարհին մէջ
14.- Հիշամ Ապիատ եւ Վիգէն Քինլըճեան. «Ռընօ Քլիօ-Ար. Էս.»
15.- Տենի Ապու Շաքրա եւ Ճօ Տիպի. «Էվօ-9 Ար. 4»
16.- Թոնի Հըլու եւ Զիատ Շեհապ. «Էվօ-9»
17.- Թոնի Ապի Ժըպրայել եւ Նաաման Ատ «Էվօ-9»
18.- Քարլ Շալհուպ եւ Միշել Ֆայյատ. «Սուզուքի Սուիֆթ»
19.- Ուալիտ Շըլինք եւ Անտրէ Աշքութի. «Ռընօ Քլիօ-Ար. 3»

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES