«Գալուստ Կիւլպենկեան» Հաստատութեան Հայկական Բաժինի Նոր Նշանակուած Վարիչ Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Կ՛այցելէ Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան

«Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան հայկական բաժինի նոր նշանակուած վարիչ տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլին այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, ուր ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի առաքինազարդ տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանի հետ` ներկայութեամբ երկրորդական բաժինի տեսուչ Կարպիս Գապասագալեանի, ինչպէս նաեւ ծնողական մարմինի ատենապետ Միհրան Նաճարեանի եւ փոխատենապետ Վաչէ Տօներեանի:

Շուրջ մէկ ժամուան այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան վարժարանը հետաքրքրող զանազան հարցեր,  ինչպէս նաեւ գաղութը եւ յատկապէս հայ ընտանիքը յուզող ազդակները:

Հանդիպման աւարտին, առաքինազարդ տնօրէն քոյրը, վարժարանի 90-ամեակին առիթով պատրաստուած յիշատակի նուէրով մը պատուեց  մեծայարգ հիւրը: Հանդիպումը վերջ գտաւ ջերմ եւ յուսալից տրամադրութիւններով:

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Share this Article
CATEGORIES