Համազգայինի 85-ամեակին Առիթով` Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը Սկսաւ Իր Նոր Համերգաշարին
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Այգ» երգչախումբը իր զոյգ` էսթրատային եւ ժողովրդական նուագախումբերով երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ իր նոր համերգաշարին: Ելոյթին ներկայ եղան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի եւ Անարատ յղութեան քոյրերու Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները:
Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ եւ դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանի նուագակցութեամբ «Այգ» երգչախումբը ներկայացուց երկու մասերէ կազմուած յայտագիր մը: Առաջին բաժինով հնչեցին օտարալեզու խմբերգներ, ինչպէս` Շարլ Ազնաւուրի, Պիթլզի, Սայիտ Տարուիշի եւ այլոց երգերը: Իսկ երկրորդ բաժինով մատուցուեցան հայկական ժողովրդական, աշուղական, հայրենասիրական եւ ժամանակակից խմբերգներ:
Համերգի ընթացքին խմբավար Զաքար Քէշիշեան բացատրութիւններ տուաւ երգացանկին մասին: Ան յայտնեց, որ երգչախումբը իր համերգաշարը կը նուիրէ Համազգային հիմնադրութեան 25-ամեակին: Շարք մը երգեր նուիրուեցան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ արցախեան շարժման 25-ամեակին:
«Այգ» երգչախումբը լիբանանահայ երիտասարդութեան համար յատուկ համերգ մը պիտի նուիրէ այսօր` շաբաթ, 13 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Իսկ կիրակի, 21 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ պիտի տայ իր տարեկան հանրային ելոյթը:

