ՀՕՄ-ը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու Իրավիճակի 57-րդ Յանձնաժողովի Նիստերուն` Նիւ Եորքի Մէջ

Անուշաւան եպս. Դանիէլեան կը մասնակցի «Գործադրում հոգեկան եւ կրօնական արժէքներու` պայքարելու համար կիներու դէմ գործադրուող բռնութիւններուն դէմ» խորագիրով կլոր սեղանին:

Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան ՄԱԿ-ի կիներու իրավիճակի (Սի. Էս. Տապլիու) 57-րդ յանձնաժողովի նիստերուն, որոնք տեղի ունեցան Նիւ Եորքի մէջ` 4-15 մարտ, 2013-ին: Այս տարուան հաւաքին նիւթն էր` «Վերացում եւ խափանում կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլո՛ր տեսակի բռնութիւններուն»:

«Սի. Էս. Տապլիու»-ն ՄԱԿի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի (ԷՔՈՍՈՔ) աշխատանքային յանձնաժողովն է, որուն ՀՕՄ-ը կ՛անդամակցի 1998-էն ի վեր: ՀՕՄ-ի աշխատանքները կը կեդրոնանան մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան հարցերուն շուրջ:

Այս տարուան նիստերուն ներկայ էին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ: ՀՕՄ-ի կողմէ մասնակցեցան ՄԱԿ-ի յանձնախումբի ընկերուհիներ, ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքները գործադրող ընկերուհին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհին եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանէն ու Եւրոպայէն ընկերուհիներ, որոնք տարուան ընթացքին կը մասնակցին ՄԱԿ-ի տարբեր աշխատանիստերու:

ՀՕՄ-ի այս նիստերուն մասնակցութեան նպատակն է այլ կազմակերպութիւններու միանալով յայտնել մեր տեսակէտը եւ  կլոր սեղաններու ու զրոյցներու ընդմէջէն արծարծել կնոջական եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած հարցեր: Այս նիստերը նաեւ ՀՕՄ-ին առիթ կ՛ընծայեն մօտէն գործակցելու այլ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` ի խնդիր կիներու իրավիճակի բարելաւման:

Այս տարուան յանձնաժողովի նիստերուն ՀՕՄ-ը գործակցեցաւ զանազան կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին են «Զոնթա Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը, «Կլոպըլ Ուումըն աֆ Ուումըն Փիսպիլտըրզ»-ը, Հրեայ կիներու միջազգային խորհուրդը եւ Al Hakim հիմնարկը: Կլոր սեղաններու նիւթերն էին` «Կիներու եւ աղջիկներու թրաֆիքինկ», «Վերջ տալ աղջիկներու դէմ գործադրուող բռնութիւններու ծիրին», «Համաշխարհային մօտեցումներ կիներու դէմ բռնութիւններու նկատմամբ», եւ վերջապէս` «Գործադրում հոգեկան եւ կրօնական արժէքներու` պայքարելու համար կիներու դէմ գործադրուող բռնութիւններու դէմ»: ՀՕՄ-ի կողմէ հիւր դասախօսներն էին` շարժանկարի արտադրիչ եւ դերասան Նորա Արմանի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արեւելեան թեմի աթոռակալ` Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:

Արմանի հետաքրքրական տեսանկիւնէ ներկայացուց թրաֆիքինկի հարցը: Ան խօսեցաւ շարժապատկերի կարեւորութեան մասին` հանրութեան մէջ տարածելու համար այսպիսի լուրջ հարցեր: Ան նշեց, որ որեւէ մէկ քայլ առնելէ առաջ պէտք է դաստիարակենք հանրութիւնը, եւ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը իրական կեանքէ պատկերներ ներկայացնելն է:

Հիմնական էր նաեւ սրբազան հայր Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ներկայութիւնը: Սրբազան հայրը մասնակցեցաւ «Գործադրում հոգեկան եւ կրօնական արժէքներու` պայքարելու համար կիներու դէմ գործադրուող բռնութիւններու դէմ» նիստին: Սրբազան հայրը ներկայացուց կրօնական եւ բարոյական դաստիարակչական մօտեցումը այս հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոր հիմնական դերը պայքարելու համար բռնութիւններու դէմ:

Այլ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, ՀՕՄ-ը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ մնայուն ներկայացուցչութեանց հետ: Օրուան հիմնական նիւթն էր «Բանաձեւ 1325»-ն, որ կ՛անդրադառնայ կիներուն վրայ զինեալ բախումներու ազդեցութեան եւ կիներու հաւասար մասնակցութեան` խաղաղութեան բանակցութիւններու ու յետ բախումներու վերակառուցման աշխատանքներուն շուրջ:

ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ ընկերուհիները հանդիպում մը ունեցան ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր` հայրենիքի եւ սփիւռքի հետ կապուած: Դեսպանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի աշխատանքները համահայկական ծրագիրներու եւ ՄԱԿ-ի հետ առնչուած:

Այս նիստերուն իբրեւ արդիւնք, անդամ երկիրները պիտի յանգին լուծումներու` պայքարելու համար կիներու նկատմամբ բռնութիւններուն դէմ: Այս հաւաքին մասնակցելով` ՀՕՄ-ը յաջողութեամբ կրցաւ գործակցիլ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք ունին նոյնանման նպատակներ: Այս նիստերը  նաեւ առիթ կ՛ընծայեն ներկայացնելու նաեւ մեր համահայկական ծրագիրները եւ ինչու չէ` ապահովել նիւթական նպաստներ եւ համագործակցութեան առիթներ ապագային այլ ծրագիրներ եւս իրականացնելու նպատակով, մանաւանդ 2015-էն ետք ՄԱԿ-ի աշխատանքներուն հետ կապուած:

«ՀՕՄ-ը պատիւ կը զգայ մասնակցելու այսպիսի կարեւոր եւ յաջող յանձնաժողովի նիստերուն», ըսաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Փոլին Կեցոյեան: «Վարչութիւնը շատ գոհ է ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի աշխատանքները համադրող Հուրի Կէօտելեքեանէն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի յանձնախումբի անդամներէն եւ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի անձագիր կրող ընկերուհիներէն, որոնք կ՛աշխատին կազմակերպել նիստեր եւ կը ստեղծեն համագործակցութեան առիթներ` մասնակցելու համար կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլոր տեսակի բռնութիւններու վերացման ու խափանման այս մարտին: ՀՕՄ-ի դերը ՄԱԿ-ին մէջ կը շարունակէ ընդլայնիլ եւ ան պիտի դառնայ ա՛լ աւելի կարեւոր, մանաւանդ կիներու հարցերու հետ առնչուած մեր միջազգային աշխատանքներուն ընդմէջէն», եզրափակեց Կեցոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES