Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին Նամակը` Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անաստասիատեսի ընտրութեան առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորական նամակ յղած էր անոր: Ի պատասխան վեհափառ հայրապետի գիրին, Անաստասիատես հետեւեալ նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս
Ձերդ Սուրբ Օծութիւն,
Թոյլ տուէք ինծի իմ անկեղծագոյն երախտագիտութիւնս արտայայտելու Ձեզի` Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով, Ձեր շնորհաւորական նամակին համար, իմ ընտրութեանս առիթով` իբրեւ նախագահ Կիպրոսի Հանրապետութեան:
Ես համոզուած եմ, որ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի եւ աւելիո՛վ պիտի ծաւալի ու ծաղկի գալիք տարիներուն, որովհետեւ հայերը յատուկ տեղ ունին կիպրացիներու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի սիրտին մէջ: Եւ աւելի՛ն, կիպրացի հայերը միշտ գործօն եւ անանջատելի մասը եղած են կիպրական ընկերութեան` միաժամանակ հաւատարմօրէն ու ամրօրէն պահպանելով իրենց ինքնութիւնը, հաւատքը եւ աւանդութիւնները. այլ խօսքով` երբեք չմոռնալով իրենց արմատները:
Հաճեցէք ընդունիլ Ձերդ սուրբ օծութիւն, իմ խոր յարգանքիս հաւաստիքը, այն սպասումով, թէ Ձեր հաւատքն ու իմաստութիւնը պիտի առաջնորդեն մեզ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Յարգանքով`
ՆԻՔՈՍ ԱՆԱՍՏԱՍԻԱՏԵՍ
Նախագահ Կիպրոսի Հանրապետութեան

