«Ազդակ»-ի Գեղանկարներու Հաւաքածոն Համալրուեցաւ Թանկարժէք Նոր Գործով Մը
Լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան, «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակի ծիրին մէջ իրականացած խմբագրատան հիմնական վերանորոգութեան առիթով «Ազդակ»-ին նուիրեց իր արուեստի գործերէն նմուշ մը` իւղաներկ գեղանկար մը (60 x 60) «Մեկնում առանց վերադարձի» խորագիրով: Թեման կը վերաբերի հայ ժողովուրդին դէմ կիրարկուած ցեղասպանական տեղահանումին:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ անուանի գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանին` հայ մամուլին կատարած իր այս քաջալերական քայլին համար:
CATEGORIES Գաղութային


