Քայիտայի Թրքական Բջիջի Անդամները Կը Պատրաստուէին Պայթեցնել Ամերիկեան Դեսպանատունը

Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քայիտայի թրքական բջիջի անդամները նախատեսած էին պայթեցնել Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւ մահափորձ կատարել յայտնի թուրք հաղորդավար Աճուն Ըլըճալըի եւ Ատնան Օքթարի դէմ:

Թրքական ոստիկանութիւնը յաջողած է ամիսներ առաջ այդ բջիջի անդամներուն մօտէն գրաւուած վեց համակարգիչներու գաղտնագիրները լուծել եւ պահ դրուած տեղեկութիւնները յայտնաբերել: Գաղտնազերծուած համակարգիչի տուեալներուն մէջ եղած են տեղեկութիւններ Աճուն Ըլըճալըի եւ Ատնան Օքթարի մասին, անոնց տան եւ աշխատանքի վայրի նկարագրութիւններն ու արբանեակային լուսանկարները:

Ըստ տեղեկութեանց, համակարգիչներէն մէկուն մէջ ահաբեկիչները պահած են Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան պայթեցման պատրաստութեան տեղեկութիւնները: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Քայիտայի 12 անդամներուն շարքին են երկու ազրպէյճանցիներ եւ երկու չեչեններ:

Share this Article
CATEGORIES