Հիւսիսային Քորէա Կը Սպառնայ Հիւլէական Զէնքով Հարուածել Թոքիոն «Պիտի Պաշտպանենք Մեր Դաշնակիցները» Կ՛ըսէ Քերրի

Ճոն Քերրի

Հիւսիսային Քորէա երէկ սպառնաց հիւլէական զէնքով հարուածել Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոն: Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ «Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոն պատերազմի ծագման պարագային Փիոնկեանկի առաջին թիրախը պիտի ըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Հարաւային Քորէայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց «այն, ինչ որ Հիւսիսային Քորէայէն կը լսենք»` վստահեցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ ի պահանջեալ հարկին իր դաշնակիցներն ու իրենք զիրենք պիտի պաշտպանեն»: Ան նշեց, որ «Հարաւային Քորէայի հետ կ՛աշխատինք մարտահրաւէրները դիմակայելու համար»:

Ճափոնցի պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «Ճափոն պատրաստ է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ ձեռնարկուելիք որեւէ դիպաշարի հակադարձելու»:

Share this Article
CATEGORIES