ԱՒԱՆԴԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ճիշդ է, որ աւանդը ազգային ժառանգութիւն է, բայց եւ այնպէս անիկա անպայման հարստութիւն է, որ կը ճոխացնէ ու կը ծաղկեցնէ ոչ միայն անհատական կեանքերը, այլ նաեւ` հաւաքականը: Աւանդին կերտումն ու պահպանումը կը կատարուի ծառայութեամբ լեցուն նուիրական կեանքերով, որոնք ժառանգը կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ:

Աստուածաշնչային ճշմարտութիւնը, թէ` «… Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ` սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»,  լաւագոյն օրինակն է աւանդին պահպանման: Այս տեսակի օրինակելի «սպասաւորութեան» կեանքերու գնահատումն էր, որ կիպրահայ գաղութը ոգեկոչեց եւ ապրեցաւ ապրիլ 11¬ին, Ազգային առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, Նիկոսիա:

Մանուէլ Քասունիի «Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, ակնարկներ, յուշեր եւ այլ էջեր» գիրքին շնորհահանդէս¬գինեձօնն էր առիթը, ինչպէս նաեւ անոր դստեր` կիպրաբնակ Նուարդ Քասունի¬Փանայոթիտիսի երկար տարիներու անսակարկ նուիրումն ու ծառայութիւնը` կրթական եւ եկեղեցական կեանքերուն: Հայրը` Մանուէլ Քասունի, արդէն վախճանած, եւ դուստրը` Նուարդ, իրենց ամբողջ կեանքը տրամադրեցին աւանդին կերտումին եւ պահպանումին, ինչպէս նաեւ «սպասաւորութիւն» ընելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ խնայեցին:

Մանուէլ Քասունի աւելի քան քառասուն տարիներ վարած է ուսուցչական պաշտօն` Լառնաքայի ամերիկեան ակադեմիային մէջ: Իր ամբողջ կեանքը եղած է օրինակ մը` նուիրումի եւ ծառայութեան` հայ ու տեղացի ժողովուրդին: Ան եղած է պատմագիր, հմուտ մտաւորական, խմբագիր, հրատարակիչ ու աշխարհական քարոզիչ` Կիպրոսի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: 1926-1929 տարիներուն ան հրատարակած է «Լուսարփի» ամսաթերթը, կազմակերպած` «Հայախօսներու միութիւն»ը եւ միշտ հետամուտ եղած է հայ նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու: Մանուէլ Քասունիի համար դպրոցը «… ազգային է, երբ կը ներկայացնէ ազգին միջակտուրը. այսինքն` աչքին առջեւ ունենալու է ազգային կեանքի իրականութենէն բոլոր երեւոյթները եւ ապագայի առնչութեամբ անհրաժեշտութիւնը»:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Արտա Ճէպէճեան: Ապա Հրայր Ճէպէճեան ամբողջական եւ համապարփակ ձեւով ներկայացուց Մանուէլ Քասունիի գիրքը` հրատարակուած Պէյրութ, 2010-ին, որուն խմբագիրն է Երուանդ Քասունի: Ան ներկայացուց գիրքին չորս բաժանումները, ինչպէս` պատմագիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկեն գիտական ու քննական վերլուծումներ հայ ժողովուրդի նախաքրիստոնէական շրջանի կազմաւորման պատմութեան մասին: Ապա գիրքին մէջ տեղ գտած են Մանուէլ Քասունիի հոգեւոր քարոզներուն շարքը` ութ տարիներու ծառայութեան ընթացքին արտասանուած հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Երրորդ մասը յուշագրութիւններու գեղեցիկ հաւաքածոյ մըն է, ուր ի յայտ կու գայ Մ. Քասունիի գրական¬գեղարուեստական ոճը: Իսկ չորրորդ մասը հրապարակագրական էջեր են, ուր ամփոփուած են «Լուսարփի»ի մէջ երեւցած հրատարակութիւններ¬յօդուածները:

Գիրքին շնորհահանդէս¬գինեձօնը կատարեց Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, իսկ վեր. դոկտ. Վարդգէս Քասունի` հեղինակին զաւակը, որ Միացեալ Նահանգներէն յատուկ ժամանած էր այս ձեռնարկին համար, ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր յուշերը` հօրը վերաբերող:

Յայտագիրին երկրորդ բաժնով դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ներկայացուց Նուարդ Քասունի¬Փանայոթիտիսի երկար տարիներու ծառայութիւնը Կիպրոսի կրթական, մշակութային ու եկեղեցական կեանքին մէջ, տարբեր կառոյցներու մէջ` հայկական թէ տեղական:

Ապա կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան արտասանեց իր յարգանքի խօսքը եւ Նուարդ Քասունիի յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը: Ֆիլիփ Փանայոթիտիս` Նուարդ Քասունիի զաւակը, որ իր կարգին Զուիցերիայէն յատուկ ժամանած էր այս առիթով, խօսեցաւ իր մօր ծառայութեան մասին` մէջբերելով մանկութեան օրերու յուշերը:

Անկէ ետք գեղարուեստական բաժինով Վահէ Ճէպէճեան դաշնակի, իսկ Ալիք Ճէպէճեան սրինգի վրայ ներկայացուցին երկու երաժշտական կտորներ:

«Հայր մեր»ով, Վարուժան արք. Հերկելեանի «Պահպանիչ»ով եւ վեր. դոկտ. Վարդգէս Քասունիի օրհնութեան աղօթքով եզրափակուեցաւ հանդիսութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ` գիրքերու բաշխում:

Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ նախագահութիւնը Վարդգէս Մահտեսեանի: Կազմակերպիչն էր Կիպրոսի Հայ աւետարանական եկեղեցին:

Ձեռնարկը թէեւ մէկ կողմէ գնահատանքի ու արժեւորումի առիթ էր աւանդին համար նուիրուած երկու կեանքերու, բայց նաեւ նոյն աւանդը պահելու եւ անոր շարունակականութեան համար ոչինչ խնայելու կոչ էր ու մղիչ ուժ:

Հ. Ճ.

Share this Article
CATEGORIES