«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ»Ի ՄԷՋ. «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ»Ի ԿԻԹԱՌԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈՅԹԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

«Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի կիթառահարներու համոյթը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ չորս տարիէ ի վեր կը գործէ համոյթը, որ տարուէ տարի թէ՛ թիւի, թէ՛ որակի աճ կ՛արձանագրէ: Ան հաստատեց, որ քառամեայ հետեւողական գործունէութիւնը նաեւ ցուցանիշ է յաջողութեան: Քեչեկ ընդգծեց, որ համոյթի ստեղծման եւ պահպանման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի խումբի գեղարուեստական ղեկավար Մրկտիչ Միքայէլեան, որ մնայուն կերպով կը հետեւի համոյթի աշխատանքներուն: Քեչեկ նաեւ յոյս յայտնեց, որ համոյթը յառաջիկային արձանագրէ յաւելեալ ձեռքբերումներ եւ նոր նուաճումներ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթի մեծերու խումբը, որ նուագեց տասը ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ կարելի է նշել Սեմենթի «Քորոս»ը, Մկրտիչ Միքայէլեանի վերամշակումով «Քոչարի»ն, արժանթինեան «Միլոնկա»ն, սպանական «Մորենիթա»ն, Փիացցոլայի «Լիպերթանկօ»ն եւ այլն:

Մեծերու կատարումէն ետք, խումբին միացաւ փոքրերու խումբը, որ նուագեց «Քորոսքոսքոս»ը եւ «Մալակենիա»ն: Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին, «Բ. Կանաչեան»ի 24 աշակերտները իրենց բարձրորակ կատարումով եւ բազմաճիւղ երգաշարով հանդիսատեսներուն մօտ ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES