«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը թարմացուած է նոր նիւթերով եւ յօդուածներով, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հայութեան վերաբերող նոր գրութիւններու ներկայացումը կը կատարուի:

Կիզակէտ բաժինին մէջ տեղադրուած է «Աֆքար» թերթին կատարած հարցազրոյցը Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Զրոյցին առանցքները հանդիսացած են լիբանանեան ներքին կեանքը, կառավարութեան կազմութեան դիմաց ցցուած դժուարութիւնները, արաբական աշխարհին մէջ ծայր առած վերջին զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ թրքական ֆիլմաշարերու տարածման երեւոյթը:

Կայքէջին վրայ անդրադարձ կայ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած հակասուրիական յայտարարութիւններուն. գրութեան մէջ կը յիշուի նաեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը` զայն փաստերով եւ ուսումնասիրութիւններով համալրելով:

Նոյն նիւթով եւ թրքական կեցուածքներուն առնչութեամբ այլ յօդուածներ եւս տեղադրուած են կայքէջին վրայ. անոնք ցոյց կու տան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւններու խախտման ուղղուածութիւն մը:

Նոր հրապարակումներուն կարգին է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Նահար» օրաթերթին մէջ:

«Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէն բաժինով նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Շուշիի ազատագրութեան 19-ամեակի նշումին, Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատելու օրէնքին վերաբերող օրինագիծի չեղեալ նկատման: Լուրերու կարգին է նաեւ լիբանանահայ աշակերտներու եւ այլ անձերու այցելութիւնը Այնթուրայի որբանոց, ուր կը գտնուի թրքացման քաղաքականութեան ենթարկուած եւ հոն մահացած հայ որբերու գերեզմանը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES