ՍԻԿԱՌ ՆԱՅԹ
Ահաւասիկ նորութիւն մը, որուն ուրկէ՛ գալը մի՛ հարցնէք:
Հերոսն ալ մեղք չունի, որովհետեւ մարդը արդէն իսկ վախճանեալ է:
Տէր հայրը վախճաներ է, Աստուած հոգին լուսաւորէ, յիշատակն ալ բարեկամները վառ պիտի պահեն: Պատշաճ ձեւով պիտի նշուի եղեր տէր հօր երկրորդ թէ երրորդ տարելիցը: Իրաւունք է, արդար է: Կեցցե՛ն տէր հօր բարեկամներն ու ծուխը: Մուխն ալ կեցցէ՛ որովհետեւ տէր հօր յիշատակը վառ պիտի պահուի սիկառի մուխով: Բացատրենք:
Լրատուութիւնը, որ հասած էր փոքր պաստառիս վրայ, Մէյտ ին Եու. Էս. Էյ. է: Արժանապատիւ եւ սակայն հանգուցեալ տէր հայրնիս մերթ ընդ մերթ կը սիրէ եղեր սիկառ ծխել եւ քիչ մը այս աշխարհին հոգերը ծրարելով մէկդի դնել` դէպի վեր փչելով զանոնք: Այնքան ալ գէշ բան չէ կամ գոնէ ներելի բան է կարծեմ: Իսկ երբ մահացեր է խեղճ տէր հայրը, ժողովուրդը իր այդ մէկ հատիկ սովորութիւնը անմահացնելու միջոցին դիմեր է:
Առաջին տարելիցը նշուեր է յատուկ ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին սիկառին ուժ տուեր են ներկաները: Արդի՞ւնքը` փառաւոր եղեր է: Տէր հօր ի պատիւ եւ ի յիշատակ, բաւական ալ մեծկակ գումար հանգանակուեր է: Ի՛նչ լաւ բան:
Եթէ առաջին հաւաքը այնքան յաջող անցեր է, ի՞նչ բան պիտի արգիլէր երկրորդն ալ նոյն ոճով սարքելը: Երբ երկրորդ տարելիցին յաջորդեն երրորդն ու չորրորդը, հետզհետէ սովորութեան կրնայ վերածուիլ այդ խիստ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ դրութիւնը` սիկառ նայթը:
Եթէ տէր հայրը օրինակելի կը դառնայ այս ձեւով, այլեւս ի՞նչ բան պիտի արգիլէ ծուխի անդամները նոյն սովորութեան հետեւելու: Լաւ բան է, նորարարութի՛ւն եւ յառաջդիմութի՜ւն:
Մեր մօտ հանգուցեալները կ՛արժանանային հոգեսուրճի: Միայն սուրճով մը, սանկ-նանկ հանգուցեալին բարեմասնութիւնները կը հրապարակուէին: Յետոյ, զարգանալով հարկ տեսնուեցաւ գացողին ի պատիւ լահմաճուն (մսաշոթ) անուշ ընել: Մեր քանի մը մսաշոթ լափելովը, մէկ երկու գաւաթ թանի հետ, կը հանգստացնէ եղեր հանգուցեալին հոգին: Հաւանաբար դժոխքին տաք տեղէն քիչ մը նուազ տաք անկիւն կը փոխանցէ: Եւ կամ, եթէ մսաշոթը մսալի եւ սանկ իւղալի եւ համեղ ըլլայ, հաւանաբար կարելի ըլլայ, կամաց-կամաց, քանի մը տարուան ընթացքին ի սպառ դրախտի սեմէն ներս հրել երանելին: Իր անցեալի աշխարհիկ կեանքը այնքան ալ հարց չէ, անշուշտ, նոյնիսկ եթէ ահագին յանցանքներ գործած է կամ անիրաւութիւններ ձգած ետին:
Յետոյ ալ աւելի յառաջդիմելով` հարկ տեսնուեցաւ մսաշոթը առանձինն չթողուլ: Անոր հետ սեղանին վրայ տողանցել սկսան նպատակայարմար այլ համադամներ. սա պիւֆթեք է, նա մանսաֆ է, ուրիշ մը սալատ ռիւս է, տակաւին քիչ մը քարիտեզ, եղինձի տեսականիներ: Բնականաբար ասոնց, համադամներուն դրախտային կամ երկնային միջամտութիւնը` ի նպաստ երջանիկ հանգուցեալին, հեզասահ դարձնելու համար, հարկ է բաժակ բարձրացնել հանգուցեալին յիշատակին: Յիշատակի բաժակը հետզհետէ կը վերածուի գինի լիցի, կամ` ողջ լերուքի:
Այս բոլորին լաւապէս ծանօթ էինք, բայց հիմա յաւելեալ յառաջդիմական քայլ մը եւս կու գայ աւելնալու` երկինքի գործերուն միջամտելու մեր ձգտումին մէջ. Սիկա՜ռ նայթը…
Բարեբախտաբար կամ դժբախտաբար, այս խիստ շահեկան հաւաքին հրաւիրուած չենք: Արդէն իսկ եթէ հրաւիրուինք, շատ անտեղի բան կը ստացուի, որովհետեւ ոչ թէ սիկառին, այլ նոյնիսկ համեստ ծխախոտին հետ իսկ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունինք: Ուրեմն, ճաշակեսցուք խաղաղութեամբը (գիտէ՞ք որքա՛ն երկար կը թուի այս պճլիկ աղօթքը) հազիւ արտասանուած (ոմանց համար այլեւս անտեղի եւ ժամանակավրէպ բան), մարդիկ կ՛անցնին յարձակումի: Մսաշոթէն մինչեւ տոլմա-սարմա եւ մանսաֆ ու պիւֆթեքի «գրաւումը» յաջողութեամբ պսակուելէ ետք, ահաւասիկ կը հասնի յուզիչ եւ ոգեշնչող պահը: Ներկաները մէկական սիկառով զինուած, կը սկսին վառել, ներշնչել ու արտաշնչել բուրումնաւէտ ծուխը: Իւրաքանչիւր արտաշնչումէ ետք, մարդիկ կը գովեն հանգուցեալ տէր հօր կենցաղն ու արժանիքները: Հանգուցեալին հանդէպ խոր եւ անկեղծ յարգանքի ու սէրի արտայայտութեան չափանիշը կարելի է ճշդել բարձրացուած ծուխէն: Որքան թանձր ամպի պէս կախուի այդ ծուխը ներկաներուն գլուխներուն եւ սրտերուն վրայ, այնքան աւելի ջերմ կ՛ըլլան զգացումները:
Փափուկ սեռը եւս, վստահաբար իր հաւասարութիւնն ու իրաւունքները արժեւորելու համար, պիտի ջանայ կրցածին չափ ուժ տալ սիկառին: Կրնայ այլ միջոցի ալ դիմել` փարիլ նարկիլէին…
Իսկ, եթէ մոմ պիտի վառուի, ի՞նչ բանի կրնայ ծառայել, անկեղծօրէն չեմ կրնար ըսել: Այսինքն, եթէ օր մը այդ եւս անցնի ժամանակավրէպութեան սեմէն անդին, թերեւս աւելի լաւ ալ կ՛ըլլայ: Խունկն ալ արդէն շատերու նրբացած հոտոտելիքները (քիթ) կ՛անհանգստացնէ: Ատոր ալ (խունկին) գործը սիկառը կրնայ տեսնել:
Մթագնած մթնոլորտին մէջ մարդիկ պիտի ուզեն իրենց զգացումները վերածել հնչիւն ստակի: Պիտի կատարուի շատ շօշափելի հանգանակութիւն: Պռաւօ՛:
Ի միջի այլոց, այդպիսի հոգեճաշ մը, արդէն իսկ որոշ չափով սատարած պիտի ըլլայ թշուառ երկրի մը` Քուպայի գրեթէ անգոյ տնտեսութեան … Գոնէ այս մարզին, փուռոյի (սիկառի) արտադրութեան, բաւական բան կը պարտին քուպացիք եւ իրենց անմեռ թէեւ զառամեալ` պետը…
Վերը մեր թանկագին հանգուցեալը բնականաբար պիտի խայտայ: Թերեւս ալ քիչ մը նախանձով դիտէ վերէն վար` իր յիշատակին վառուած այնքան թանկագին սիկառներէն բարձրացող ծուխը: Վարիններն ալ պիտի հրճուին, որ այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ տէր հօր մեղքերը թեթեւցնել եւ աւելի պատշաճ անկիւն մը ճարել իրեն համար:
«Ծուխ» ջան, ձեր մուխով իսկապէս հրաշալի գործ պիտի տեսնես: Ապրի՜ս:
Միայն թէ, տէր հայր մը փոխան սիկառի, եթէ օրինակ սանկ իր ծանր պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու համար սովորութիւն ընէ մէկ երկու գաւաթ օղի ճնկել, ասոր ծուխը ի՞նչ ընելու է, երբ ենթական երկնային դրան առջեւ կանգնի: Հանգուցեալին հոգին հանգստացնելու համար տակառներով օղի մատակարարելը նպատակայարմար չէ՞: Որքան վարար ըլլայ օղիին հոսքը, այնքան աւելի չի՞ թեթեւնար հանգուցեալին երկնային պատիժը…
Եւ կամ, ամօթ չըլլայ ըսելը, եթէ Աստուծոյ համեստ ծառան կը սիրէ սանկ քիչ մը անուշիկ խօսքեր ուղղել Աստուծոյ «աշխարհիկ աղախին»ի մը, այսինքն` նրբաճաշակ կնոջ մը (որուն սեփականութիւնը իրեն չի պատկանիր), ասոր յիշատակը ինչպէ՛ս յարգելու է: Կամ եթէ իր երազածը, տիկնոջ կուրծքին թառած զարդասեղը ըլլալու ցանկութիւն բարձրաձայնէ, ինչ որ անկարելի չէ: Այսպիսի հոգեւորական մը ինչպիսի՞ յիշատակի հանդիսութեան արժանանալու է: Կարելի՞ է կնոջական գեղեցկութեան մրցում մը սարքել արդեօք, անշուշտ ճոխ հոգեճաշի ընթացքին:
Յանուն արդիականութեան, յանուն նորարարութեան, քիչ մը չափը չե՞նք անցըներ ընդհանրապէս:
ՁԻՒՆԱԿԱՆ