ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹ

Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումը

Երկուշաբթի, 16 մայիսի կէսօրին, Արամ Ա. կաթողիկոս ժամանեց Քուէյթի օդակայանը: Վեհափառը պաշտօնապէս դիմաւորելու եկած էին Քուէյթի եւ Ծոցի շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանի, Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան եւ յարակից մարմիններու  ներկայացուցիչները: Վեհափառը օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ կարճ հանդիպում ունենալէ ետք մեկնեցաւ «Շիրաթոն» պանդոկ:

Կէսօրին վեհափառին ի պատիւ ճաշկերոյթ սարքեց Քուէյթի Ազգային վարչութիւնը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Քուէյթի հայութեան առնչուած շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ:

Յետմիջօրէին վեհափառին իջեւանած պանդոկը այցելեցին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերն ու աշխարհական ժողովականները, հանդիպման ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը: Վեհափառը, ողջունելով քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու ժողովական ներկայացուցիչները, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ սիրոյ ու գործակցութեան մթնոլորտ կը տիրէ Քուէյթի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ: Ան ըսաւ, թէ միութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտուի գործակցութեան ճամբով մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Վեհափառը նաեւ լսեց ներկաներուն մտահոգութիւնները եւ առաջարկները իրենց համայնքային թէ հաւաքական կեանքին առնչուած, հիմնական մտահոգութիւնը կարգ մը համայնքներու համար եկեղեցւոյ առանձին հող ու արտօնութիւն ունենալու հարցն էր: Այս գծով անոնք խնդրեցին վեհափառէն, որ պետական պատասխանատուներուն ուշադրութեան յանձնէ յիշեալ մտահոգութիւնը:

Յիշեալ հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցին յուզող հարցերու եւ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ երկար դարեր իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը գոյակցած են Միջին Արեւելքի մէջ: Անհրաժեշտութիւն է ներկայ աշխարհին մէջ, յարգելով հանդերձ մեր տարբերութիւնները իբրեւ միաստուածեան կրօններ, ամրապնդել մեր հասարակաց արժէքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES