Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ քաղաքական աշխատանքը փորձառութիւններու կուտակումի աշխատանք է, եւ այդ պատճառով ալ ինք աւելի կառչած կը զգայ Լիբանանին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հերթաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը եւ Շուէտի դեսպան Նիքլոս Քիպոնը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ Թրիփոլիի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց Հիւսիսային Լիբանանի վերաբերող հարցերն ու Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ լռելեայն ներդաշնակութիւն մը կը տիրէ պահանջուած կառավարութեան շուրջ: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերահաստատումը` Թամմամ Սալամի անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու իբրեւ արդիւնք:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ երէկ առաւօտեան գտնուեցան թռուցիկներ, որոնք Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող գործակալ Ապու Արիտան թիրախ դարձնելու սպառնալիքներ կը բովանդակէին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կը ջանայ կազմել կառավարութիւն մը, որ մասնագէտներէ կը բաղկանայ եւ որ 14 կամ 16 նախարար կը հաշուէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը հրաժարած է, ապա իրենք հարց չունին վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստերուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի քաղաքական հարցերու խորհրդական, նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան մաս կազմելու առաջարկը իրեն համար հպարտանքի առիթ մըն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հետեւանք էր կարգ մը քաղաքական ուժերուն կողմէ գործադրուած չափազանցութիւններուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք տակաւին նախարարներու անուններու բիւրեղացման հանգրուան մուտք չեն գործած, այլ` կը քննեն կառավարութեան բնոյթը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է առիթ տալ վարչապետ Թամմամ Սալամին` կազմելու համար երկրին կառավարութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Օքապ Սաքըր որոշած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրել` Պելճիքայի իր կեցութեան վայրէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ իր պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէ` կտրականապէս մերժելով 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES