Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Բեռնատարներու Սեփականատէրերու Սենտիքային Մէկ Պատուիրակութիւնը
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Բեռնատարներու սեփականատէրերու սենտիքային մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Շաֆիք Քասսիսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ցամաքային ճամբով Լիբանան ներածուող եւ Լիբանանէն արտածուող աշխատանքը եւ Բեռնատարներու երթեւեկը առողջ պահելու ու երաշխաւորելու քայլերը:
Վ. Սապունճեան ընդգծեց ցամաքային փոխադրութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առեւտուրը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ դէպի Լիբանան արտադրութիւններու ներածումն ու լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումը պէտք չէ ազդուին որեւէ պատճառէ:
CATEGORIES Լիբանանեան


