Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Քոնելլին
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:
Քոնելլիի կատարած այցելութեան մասին ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Քոնելլի շնորհաւորած է Սալամը վարչապետ նշանակուելուն առիթով եւ ընդգծած, որ կառավարութեան կազմութիւնը զուտ լիբանանեան ջանք կ՛ենթադրէ:
Քոնելլի վերահաստատած է Ուաշինկթընի պաշտօնական կեցուածքները, որ լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է ունենալու իր ձգտումներուն համապատասխանող կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ կառավարական կազմ մը, որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան:
Քոնելլի անհրաժեշտ նկատած է նաեւ, որ լիբանանցի ղեկավարներ պատասխանատուութեամբ գործեն` կառչած մնալու համար երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան` երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու իմաստով:
Քոնելլի վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան կայուն, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի:


