Նախագահ Սլէյման Վաւերացուց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կապուած Ժամկէտները Մինչեւ 19 Մայիս Առկախելու Խորհրդարանին Որոշումը

Նախագահ Սլէյման` ազատական կուսակցութիւններու միջազգային պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան վաւերացուց երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած ժամկէտները մինչեւ 19 մայիս առկախելու խորհրդարանին որոշումը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Համաշխարհային ազատականութեան մէկ մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած հարցերը պատասխանատուները կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու կարգ մը վարչակարգեր, որոնք պէտք է քայլ պահեն տիրող համաշխարհայնացումին եւ տարբեր ժողովուրդներու առօրեային հետ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա եւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

 

Share this Article
CATEGORIES