Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Թուրքիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ Թրքական Շահերուն Դէմ Բողոքի Ցոյց
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որ ուղղուած էր Թուրքիոյ եւ Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին բոլոր լիբանանցիներուն պոյքոթի ենթարկելու Լիբանանի մէջ թրքական արտադրութիւնները, որպէսզի երկրին մէջ թրքական շահերը ստանան ծանր հարուած:
Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ լիբանանեան իշխանութիւններուն վերջ տալու Թուրքիոյ հետ իր քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ իրենք պիտի դիմեն նաեւ մագլցողական այլ քայլերու, որոնց ծիրին մէջ կ՛իյնան թրքական դեսպանատան դիմաց բաց նստացոյց կազմակերպելու եւ ճամբաները լարուած վրաններով փակելու քայլերը:
Ցուցարարները անցորդներուն կոչեր բաժնեցին` Լիբանանի մէջ թրքական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու խնդրանքով:
«Մեր նպատակն է հարուածել Լիբանանի մէջ թրքական բոլոր շահերը եւ մղել, որ Թուրքիա մեր ճնշումներուն ենթարկուի եւ ազատ արձակէ մեր հարազատները, որոնք զուտ թրքական հակակշիռ վայելող շրջանի մը մէջ կը գտնուին», ըսաւ առեւանգուած լիբանանցիի մը եղբայրը: Ան ցոյց տուաւ Նահատակաց յուշարձանը եւ կոչ ուղղեց անկէ դասեր քաղելու` ընդգծելով, որ թուրքերը իրենց այս արարքով փաստած են, թէ իրենք նոր օսմանցիներն են, որոնք իսկական յաջորդներն են Նահատակաց յուշակոթողը «կերտած» օսմանցիներուն:
Նշենք, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, Նահատակաց հրապարակէն քիչ անդին գտնուող թրքական օդանաւային ընկերութեան դիմաց եւ Լազարեան հայրերու շրջանին մէջ գտնուող թրքական մշակութային կեդրոնին դիմաց:
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն դատին զօրակցող, Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու որեւէ վատթարացումի պատասխանատու է Թուրքիան:
Քաղաքացիական Պատերազմի 38-րդ Տարելիցին
Առիթով` Հաւաքական Աղօթք
Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նոյն հրապարակին վրայ, Նահատակաց յուշարձանին տակ Լիբանանը բաղկացնող 18 համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչները մատուցեցին հաւաքական աղօթք մը եւ մերժեցին ներքին լիբանանեան սադրանքները, բռնարարքներու վերադարձը եւ շեշտեցին եղբայրասպան կռիւներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին:
Աղօթքին աւարտին հոգեւորականները խորհրդանշական քայլով մը հրապարակէն անցնող ինքնաշարժներու վարորդներուն բաժնեցին սպիտակ վարդեր:


