«Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը Ազրպէյճանի Եւ Ամբողջ Շրջանի Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիքն Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Ազրպէյճանի եւ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքն է»:

11 ապրիլին Պաքուի մէջ սկսած Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու առաջին միջազգային համաժողովին ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ Ալիեւ դարձեալ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան պատճառը Հայաստանն է:

«Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից շրջանները պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տէրերուն: Մենք բանակցային հոլովոյթը կ՛ուզենք յառաջ մղել, սակայն հակառակ կողմը հակուած է հոլովոյթին ձգձգման», ըսած է ան:

Ալիեւ յայտարարած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձգձգումը այսօր անթոյլատրելի է. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերու դրոյթներուն հիմամբ: Այստեղ, սակայն, մենք երկակի չափանիշներու հետ գործ ունինք: Որոշ բանաձեւեր կեանքի կը կոչուին միայն քանի մը ժամուան ընթացքին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ երկակի չափանիշներու կիրարկումը հեղինակութիւն չի բերեր միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ին»:

Share this Article
CATEGORIES