Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կ՛առաջարկէ Համազգային Ճակատ Ստեղծել
Մոսկուայէն Երեւան վերադառնալով Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ յայտարարեց, որ «զիս հրաւիրած էին լսելու ժողովուրդի մեծամասնութեան կարծիքը»` չհերքելով, որ Մոսկուայի մէջ հանդիպած է ռուս պաշտօնակիցներու հետ:
Աւելի ուշ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ ան կրկին «Բարեւ»-ով սկսաւ հանրահաւաքը` յայտարարելով, թէ չի ճանչնար եւ չ՛ընդունիր այդ կեղծ երդումը, օրհնութիւնը եւ ընտրութիւնը, որ կատարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: Անոր յաջորդեցին իր տուած երդումը պահելու, ժողովուրդին յաղթանակը ճանչնալու եւ յաղթանակի հասնելու մասին յայտարարութիւնները:
Ըստ անոր, ամէն մէկը իրաւունք ունի քննադատելու 9 ապրիլը, քանի որ ինքը «թերեւս բազմաթիւ սխալներ գործած է», բայց մէկ բան յստակ է, թէ պայքարը պիտի տանի դէպի յաղթանակ եւ ոչ մէկ կաթիլ արիւն պիտի թափի:
«Անոնք, որոնք 9 ապրիլին տաքուկ կուսակցական գրասենեակներուն մէջ, օգտուելով իր ժամուան մը բացակայութենէն, կ՛ուզէին իրենք զիրենք քաղաքական ղեկավար նկատել` ամօթ անոնց: Մենք չենք ընդունիր պարոն Սարգսեանը, չենք ընդունիր զանոնք` ոստիկան ըլլան, թէ անվտանգութեան ծառայող, կեղծ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, որոնք կ՛ուզէին ժողովուրդը արեան տանիլ: Ես թոյլ պիտի չտամ», յայտարարեց Յովհաննէսեան:
Ինչ կը վերաբերի Բաղրամեան երթալուն, ըստ անոր, ժողովուրդը իրեն լաւ չէ հասկցած:
«Եթէ մէկ բան սխալ ըրի, ատիկա այն էր, որ երբ մենք պիտի երթայինք Բաղրամեան, ժողովուրդը լաւ չհասկցաւ, որ մենք Բաղրամեանի ճամբով Ծիծեռնակաբերդ պիտի երթայինք», յայտնեց ան:
Յովհաննէսեան ընդգծեց, որ եթէ այսպէս շարունակուի, իրենք հանգիստ պիտի չտան կեղծ իշխանութեան, պայքարը պիտի տանին դարձեալ Գիւմրիի, Վանաձորի մէջ եւ պէտք է զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ վաղը պիտի գայ արդարութիւնը եւ իշխանութիւնը հրաժարական պիտի տայ, հրաժարական պիտի տան նաեւ կեղծ ընդդիմութիւնները, որովհետեւ յաղթած է Հայաստանի քաղաքացին:
«Ով կ՛ուզէ քաղաքական դիակներու մասին խօսիլ` իշխանութենէն մինչեւ ընդդիմութիւն, հայ ժողովուրդը երբեք կանգ պիտի չ՛առնէ եւ այս պայքարը ժողովուրդը սիրով պիտի տանի: Հայրենակիցնե՛ր, աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր պայքարած ենք, տառապած ենք, յաղթանակը պէտք է ճանչնան Օպաման, Պարոզոն, որովհետեւ այդ յաղթանակը ի վերուստ մեր ժողովուրդինն է», ըսաւ ան:
Խոստացուած հետագայ ծրագիրներուն մասին. մինչեւ յաջորդ ուրբաթ, 19 ապրիլ, ժամը 18:00 Յովհաննէսեան կ՛ակնկալէ, որ «Անի» պանդոկին մէջ դահլիճային հանդիպում տեղի ունենայ, որուն ժամանակ իրեն միանան իրենց դէմքը փրկել ցանկացող քաղաքական ուժերը եւ ձեւաւորուի համազգային ճակատ: Իսկ Ցեղասպանութեան տարելիցին նախօրեակին` 23 ապրիլին, իրենք պիտի միանան ջահերով երթին` կրկին ակնկալելով, որ յաջորդ օրը կէսօրին «Ազատութեան» հրապարակէն բոլորը միասին շարժին «դէպի ոչ միայն անցեալ, այլեւ ապագայ»:

