Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Մօտակայ Շաբաթներուն
Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ նախանցեալ օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի հանդիպին:
Ըստ նախարար Նալբանդեանի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց չկայ եւ անոր պատճառը ո՛չ Ղարաբաղն է, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ եռանախագահները: Նախարարը շեշտեց, որ պատճառը Ազրպէյճանն է: Նախարարը աւելցուց, որ համանախագահները տագնապի լուծման ուղղուած բաւական ջանքեր կը գործադրեն եւ Հայաստան մշտապէս դրական վերաբերում ցուցաբերած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ հանդիպումներու կազմակերպման վերաբերեալ առաջարկներուն: «Այս անգամ մենք նոյնպէս դրական արձագանգեցինք: Տարբեր գաղափարներ կան, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ այդ հանդիպումը պէտք է կատարել: Կը կարծեմ, թէ ինչպէս համանախագահները կը նշեն, մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին այդպիսի կարելիութիւն պիտի ունենանք», ըսաւ ան:


