Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գիտելիքներով կազմաւորում մը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր արհեստագիտական աշխատանք մը, որմէ պիտի օգտուիք նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ ձեր առաջարկները պիտի ընդունուին եւ ձեր տեսակէտը գործնական արդիւնք պիտի տայ: Օրը արդիւնաւէտ է նիւթապէս:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի եւ ծրագրաւորումի ոճ ունիք, բայց ձեզի կը պակսի տակաւին մեթոտաբանական գիտելիքներ, որպէսզի ամբողջանայ ձեր որոշումը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գտած էք ուղիղ ճամբան` աշխատանքի զարգացման, ինչպէս նաեւ` սիրոյ մէջ: Հիանալի է օրը, կրնաք իրագործել ձեր ուզածը: Ուրախ մնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրները պիտի կարենաք իրագործել շնորհիւ ձեր լաւ բարեկամներուն օժանդակութեան եւ անկեղծ նեցուկին: Ապագայի մասին մի՛ մտածէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի պարագային ձեզի ոչինչ պիտի առաջարկուի, եթէ դուք չհետաքրքրուիք: Ուրեմն արթուն եղէք եւ գործնական քայլեր առէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ հարցեր ունիք, զանոնք գրաւոր ներկայացնելով հանդերձ բերանացի բացատրութիւններ եւս տուէք, որպէսզի թիւրիմացութիւն չըլլայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական եկամուտ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ, ձեր քսակը պիտի մեծնայ, հետեւաբար կրնաք մէկ կողմ պահ դնել գումար մը` ապագայի համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքային ձեր մէկ գործակիցին հետ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում մը պիտի ունենաք` գործակցութեան հարցեր կարգադրելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի պարագային արտայայտեցէք ձեր գաղափարները, որոնք պիտի արժեւորուին: Բաց սրտով աշխատիլը դրական արդիւնք կու տայ անպայման:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզ պիտի պաշտպանէ ձեր ունեցած սէրը, որ ներքին ուժ մըն է: Հետեւեցէք ձեր ներաշխարհի զգացողութեան եւ տրամաբանութեան թելադրանքին, որոնք յաջողութեան ճամբան ցոյց կու տան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ունիք որեւէ դժուարութիւն դուք ձեզ արտայայտելու եւ հպարտանալու դուք ձեզմով, այդ պարագային ուրիշներուն ձգեցէք ձեզ արժեւորելու պարտաւորութիւնը: Անհոգ եղէք:

