50 Տարի Առաջ (15 Ապրիլ 1963)
Տոմսեր
Երեսուն Տարի Ետք…
Նո՜ր «սեւ» էջեր կը բացուին, հետզհետէ, ստալինեան բռնակալութեան արիւնոտ շրջանի պատմութենէն:
Ողբերգութիւնը այնքա՜ն ծաւալուն է, որ, ըստ երեւոյթին, կարմիր ղեկավարները իրե՛նք իսկ կը սարսափին իրենց սեփական մատներով թղթատելէ «մատեան ողբերգութեան»-ը 1930-ական թուականներու արիւնոտ մաքրագործումներուն, որոնք ժամանակակից պատմութեան մէջ… «յանուն արդարութեա՜ն» գործուած մեծագոյն ոճիրներէն եղան:
Տխրահռչակ Անտրէյ Վիշինսկիի անունը անմահացա՜ւ այդ դատավարութեանց ընթացքին` իբրեւ «ընդհանուր դատախազ»-ի, մինչ ան պարզապէս խամաճիկի դեր մը կը կատարէր Ստալինի մատնանշումով մահավճիռներ ստորագրելու համար:
Իր ատենին, ազատ աշխարհի մէջ շատե՜ր կասկած յայտնած էին այդ դատավարութեանց արդարութեան մասին, մանաւանդ` ամբաստանեալներու անհաւատալի «խոստովանութիւններուն» առթիւ: Սակայն Քրեմլինի պատերէն ներս ե՞րբ կրցած է թափանցել բողոքի կամ խղճմտանքի ձայնը…
Ու հիմա, հեռուէ հեռու, Ֆրանսայի համայնավար «ընկերներուն» պարտականութիւն յանձնուած է (ապերախտ պաշտօն մը) յայտնելու համար, թէ Ռիկովներու, Քամենեւներու, Զինովիեւներու, Թուխաչեւսկիներու, Ռատեքներու եւ այլ համբաւաւոր դէմքերու դատավարութեանց մէջ կազմակերպուած էր ամէն ինչ, ու կեղծ գործեր կատարուած էին արդարութիւնը խեղդելու, եւ անիրաւութիւնն ու ոճիրը պարտադրելու համար:
Ֆրանսացի բանաստեղծ-գրագէտ Լուի Արակոն, որ վերջերս գրած է Խորհրդային Միութեան պատմութիւնը, այսօր երեւան կը բերէ վերոյիշեալ ճշմարտութիւնը, որուն մասին խօսելու քաջութիւնը չունեցան ցարդ խորհրդային «ազատ» ժողովուրդները:
Գրախօսականով մը (դա՛րձեալ ֆրանսացիի մը կողմէ ստորագրուած) «Իզվեստիա» այս դառն պատմութեան կը պատրաստէ խորհրդային ընթերցողներու միտքը:
Ողբերգութեան մէկ մասը պատրաստուած է նացի Գերմանիոյ մէջ:
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, զանազան աղբիւրներէ երկրէ երկիր տարածուեցաւ չարաշուք այն տեղեկութիւնը, թէ Հիթլեր յաջողած էր խաբել Ստալինը, երեսունական թուականներուն, ու բնաջնջել տալ Կարմիր բանակի եւ քաղաքական կեանքի ղեկավար կարգ մը դէմքերը:
Ուիլիըմ Շայրըր «Երրորդ Ռայխի բարձրացումն ու անկումը» գիրքին մէջ կը հաստատէ, թէ ձեռք անցուած փաստաթուղթերու համաձայն, Հիթլեր կեղծ մեղսակցութիւն մը վերագրած էր զօր. Թուխաչեւսկիի եւ անոր ընկերներուն, որոնք իբր թէ, գերման սպայակոյտի դիմած էին Ստալինը տապալելու նպատակով դաւադրութիւն մը կազմակերպելու համար…
Այս կեղծ «դիմումնագիրը» ձեւով մը հասած էր Ստալինի ձեռքը, ու այս վերջինը, առանց տարակուսելու, իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունած էր դաւը եւ ոչնչացուցած էր իր բազմաթիւ գործակիցները…
Դեռ ի՜նչ եղերական յայտնութիւններ պիտի լսուին արդեօք, Ճենկիզ Խանէն ի վեր մարդկութեան ճանչցած ամէնէն անգութ բռնակալութեան` Ստալինի իշխանութեան մասին:
Արիւնարբու իշխանութիւն մը, զոր «հայրակա՜ն» հռչակած էին մեր անպատում «հայաստանասէր»-ներն ալ…
ԳԻՍԱՒՈՐ

