Բնութիւն Եւ Մարդ. Քուպայի Սննդականոնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ժողովուրդը հեծիկ կը քշէր…

ՔԻ՛Չ ԿԵՐԷՔ, ԱՒԵԼԻ՛ ՄԱՐԶԱՆՔ ԸՐԷՔ, ԵՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼԻ ՄԱՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԷ՛ՍԻ ԻՋԵՑՈՒՑԷՔ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԿԵՆՑԱՂԻ ԲՆԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ Է ՔՈՒՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ԻԲՐԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ԱՇԽԱՐՀԻՆ:

Քուպան երկիր մըն է, որուն քաղաքացիները հաւաքաբար յաջողած են կորսնցնել իրենց մարմին ծանրութիւնը եւ աւելցնել ֆիզիքական շարժումները` բարելաւելով իրենց առողջութիւնը եւ կանխարգիլելով մահացութեան համեմատութիւնները:

Ինչ որ տեղի ունեցաւ, բնական եզակի փորձարկութիւն մըն էր: Այժմ ուսումնասիրողներ կը գրեն, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր քաղաքացի 5 տարուան վրայ միջին հաշուով 5 քկ կորսնցնելով` նպաստած է երկրին տարածքին շաքարախտի պատճառով մահացութեան ընդհանուր համեմատութիւնը կէսի իջեցնելու, իսկ սիրտի հիւանդութիւններու համեմատութիւնը մէկ երրորդով պակսեցնելու:

Քուպա տնտեսական տագնապի մատնուած էր 1990-ական տարիներու սկիզբը, Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք: Այնուհետեւ քուպացիներուն ապրած փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նոյն արդիւնքին հասնիլ այլ վայրերու մէջ, եթէ նոյն փոփոխութիւնները տեղի ունենան առանց տնտեսական տագնապի:

Սննդեղէնի եւ վառելանիւթի տագնապ կար Քուպայի մէջ: Միլիոնաւոր քաղաքացիներ անօթի էին, ստիպուած էին հրաժարիլ իրենց ինքնաշարժներէն եւ քալելով տեղափոխուիլ:

Ինքնաշարժներն ու պասերը իրողաբար անհետացան Քուպայի փողոցներէն, երբ վառելանիւթի մատակարարումը կանգ առաւ: Մշակներ ստիպուեցան իրենց մեքենական գործիքները լքել եւ ձեռքով աշխատիլ արտերուն մէջ: Պետութիւնը շուկայ իջեցուց մէկ միլիոն հեծիկներ, որպէսզի բնակչութիւնը կարենար շարժիլ:

Միջին քուպացին 1990-1995 շատ աւելի նուազ ջերմուժ կ՛իւրացնէր: Ծանրութիւն կորսնցնելու 5 տարուան այս ժամանակաշրջանէն ետք շաքարախտի համեմատութիւնները սկսան անկում արձանագրել 1996-ին: Սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածներու պատճառով մահացութեան համեմատութիւնները, որոնք սկսած էին դանդաղօրէն նուազիլ 1980-էն սկսեալ, յանկարծ սկսան գահավիժիլ 1996-էն ետք:

Սակայն 1990-ական տարիներու վերջերուն Քուպա սկսած էր վերագտնել ինքզինք: Մինչ տնտեսութիւնը կը սկսէր աճ արձանագրել, մարդիկ կը սկսէին գիրնալ: Ֆիզիքական շարժումի համեմատութիւնները սկսան նուազիլ:

Հետեւանքը եղաւ շաքարախտի, սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածներու յաճախականութիւնը, որ 2000-ական տարիներու կէսերուն արդէն հասաւ տնտեսական տագնապի նախորդող համեմատութիւններուն:

Սպանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քուպայէն միջազգային ուսումնասիրողներու խումբի մը համաձայն, 1980-2010 «Քուպայի փորձառութիւնը» ցոյց կու տայ, թէ համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ամբողջ բնակչութեան քով մարմնի ծանրութեան համեստ թօթափում մը ինչպիսի՛ խոր ազդեցութիւն կրնայ գործել:

Ուսումնասիրողները տեղեկագիր մը հրատարակած են «Պրիթիշ Մետիքըլ Ճըռնըլ» թերթին մէջ, ուր կը գրեն, որ թէեւ իրենց յայտնաբերումները հիմնուած են մէկ երկրի ապրած փորձառութեան վրայ, այսուհանդերձ անոնք «ակներեւ կերպով մեր ուշադրութեան կը յանձնեն այն իրողութիւնը, թէ առողջական ինչպիսի՛ բարիքներ կարելի է քաղել` շրջելով սոնքութեան (օպիսիթի) համաշխարհային համաճարակը»:

Քուպայի տագնապը արտասովոր էր, որովհետեւ անակնկալ կերպով տեղի չունեցաւ, ինչպէս, օրինակ, պատերազմի ժամանակ, այլ աստիճանաբար բարդացաւ տարիներու ընթացքին եւ անոր չընկերակցեցաւ որեւէ ընկերային քայքայում: Մարդիկ շարունակեցին գործի եւ դպրոց երթալ, պետութիւնը շարունակեց կիրարկել հանրային առողջապահութեան իր ամուր աւանդութիւնը եւ հսկել բժշկագիտական ուղղութիւններու:

Տեղեկագիրին ընկերակցող խմբագրականին մէջ Հարվըրտ համալսարանի Հանրային առողջապահութեան դպրոցի սննդագիտութեան դասախօս Ուոլթըր Ուիլեթ կը գրէ, թէ ծանօթ իրողութիւն է, որ սննդեղէնի արտադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններ (ինչպէս` ֆասթ ֆուտի ճաշարաններու տարածում), ֆիզիքական նուազ շարժումի առընթեր (ինչպէս` քալելու փոխարէն` ինքնաշարժ գործածել),  կ՛առաջնորդեն գիրութեան եւ պատճառ կը դառնան շաքարախտի եւ սիրտի հիւանդութիւններու: Սակայն հազուադէպօրէն ականատես կը դառնանք հակառակ ուղղութեան:

«Այս յայտնաբերումները կ՛ընձեռեն հզօր ապացոյց մը այն տեսութեան, թէ գիրութեան եւ սոնքութեան համեմատութեան անկումը կրնայ մեծ բարիքներ ապահովել ընդհանուր բնակչութեան», կը գրէ Ուիլեթ:

 

Share this Article
CATEGORIES