Բնութիւն Եւ Մարդ. Բնութիւնը Ինչպէ՞ս Կը Վերաթարմացնէ Մեր Ուղեղն Ու Մարմինը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
Ո՞Վ ԽՈՐՔԻՆ ՄԷՋ ՉԻ ՀԱՍԿՆԱՐ, ԹԷ Ի՛ՆՉ Կ՛ԸՍԷ ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ. ԲՈԼՈՐՍ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԲԱՑՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՀԱՆԻ ՄԸ: ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՇԱՏԵՐՈՒՆ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ ԱՄԲՈՂՋ ՕՐԸ ԱՇԽԱՏԻԼ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏՈՒՀԱՆԻ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ՈՒՐ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ, ԹԷ Ե՛ՐԲ Կ՛ԱՄՊՈՏԻ ԵՐԿԻՆՔԸ, Ե՛ՐԲ Կ՛ԱՆՁՐԵՒԷ, Ե՛ՐԲ ՄԱՐ ԿԸ ՄՏՆԷ ԱՐԵՒԸ: ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՅՍ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԸ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԱԾ ՊԱՏԻԺԻՆ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԱՏԸՄ ՕԼԹԸՐԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՄԷԿ ԳԻՐՔԷՆ* ԱՐՏԱՏՊՈՒԱԾ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ ԲՆԱԶԱՆՑԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼՈՒ, ԿԸ ՊԱԿՍԵՑՆԷ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ Կ՛ԱՐԱԳԱՑՆԷ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ, ՄԻՆՉԴԵՌ ՄԱՐԴՈՒ ԿՈՂՄԷ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ՄԻՋԱՎԱՅՐԵՐԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃԻԳ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՄԵԶՄԷ, Կ՛ԸՆԿՃԵՆ ՄԵԶ, ՕՏԱՐՈՒՄԻ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ ԵՒ ԿԸ ՍՊԱՌԵՆ ՄԵՐ ՈՒԺԵՐԸ:
Փենսիլվանիոյ մէջ Փաոլին փոքր գիւղաւան մըն է` տեղական արուարձանային հիւանդանոցով: Փաոլի Մեմորիըլ հիւանդանոցին հիւանդները կ՛ապաքինին շարք մը սենեակներու մէջ, որոնք կը բացուին փոքր շրջափակի մը վրայ: 1980-ական տարիներու սկիզբը ուսումնասիրող մը այցելած է հիւանդանոցը եւ տեղեկութիւններ հաւաքած է 1972-1981-ի միջեւ միզամանի վիրահատական գործողութեան ենթարկուած հիւանդներու վերաբերեալ: Միզամանի վիրահատութիւնը սովորական գործողութիւն մըն է, որ ընդհանրապէս բարդութիւններ չի ստեղծեր: Սակայն 1970-ական տարիներուն հիւանդներուն մեծամասնութիւնը պէտք էր առնուազն 1-2 շաբաթ ապաքինման շրջան մը անցընէր հիւանդանոցին մէջ` նախքան տուն վերադառնալը: Ոմանք աւելի երկար կ՛ապաքինէին հիւանդանոցին մէջ, քան` ուրիշներ: Հետեւաբար ուսումնասիրողին միտքին մէջ ծագած էր հարցում մը. արդեօք հիւանդանոցին սենեակներուն միջեւ նուրբ տարբերութիւնները կրնայի՞ն բացատրել այս երկուութիւնը: Հիւանդանոցին մէկ կողմի սենեակները կը դիտէին աղիւսներով բարձրացած պատ մը, իսկ միջանցքէն քիչ մը վար այլ սենեակներ կը բացուէին դիւրաթափ տերեւներով ծառերու վրայ: Տեսարանի տարբերութենէն զատ` սենեակները յար եւ նման էին:
Բնութեան Տեսարաններ Դիտող Անձեր
Ոչ Միայն Աւելի Ուրախ Կը Զգան,
Այլ Նաեւ` Աւելի Հանգիստ
Երբ ուսումնասիրողը քննած է ապաքինող հիւանդներուն տուեալները, զարմացած է` տեսնելով, թէ հիւանդները որքա՛ն աւելի արագ ապաքինած են այն սենեակներուն մէջ, որոնք կը դիտէին ծառերը, բաղդատած` այն հիւանդներուն, որոնք կը դիտէին քարէ պատը: Անոնք, որոնք պատը կը դիտէին, միջին հաշուով կարիքը ունէին յաւելեալ մէկ օր ապաքինումի` նախքան տուն վերադառնալը: Անոնք նաեւ շատ աւելի ընկճուած էին եւ աւելի ցաւ կը զգային: Զանոնք հոգացող հիւանդապահները միջին հաշուով արձանագրած են չորս ժխտական տուեալներ: Օրինակ` «կարիքը ունի յաւելեալ խրախուսանքի», «խանգարուած է եւ կու լայ»: Մինչդեռ այն հիւանդները, որոնք իրենց դիմաց ունէին ծառերու տեսարանը, միջին հաշուով միայն մէկ անգամ առիթ տուած են ժխտական տուեալներու արձանագրութեան: Աւելի՛ն. ծառերը դիտող հիւանդներէն քիչերը միայն կարիքը զգացած են օրական մէկ ցաւազերծիչ դեղէ աւելին առնելու` հիւանդանոցին մէջ իրենց կեցութեան ժամանակին կէսէն ետք, մինչդեռ պատը դիտող հիւանդները կարիքը զգացած են երկու կամ նոյնիսկ երեք դեղահատի: Իրենց սենեակին տեսարանին տարբերութենէն անկախ` հիւանդներուն վիճակը շատ նման էր իրարու եւ անոնք կը ստանային նոյն խնամքը: Ուսումնասիրողը ծառերը դիտող իւրաքանչիւր հիւանդի տուեալները բաղդատած է պատը դիտող հիւանդներուն տուեալներուն հետ` նկատի ունենալով անոնց տարիքը, սեռը, ծանրութիւնը, ծխելու կամ չծխելու վիճակը, ստացած խնամքը` բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն կողմէ: Ան նկատած է, թէ այս բոլորը հաւասարակշռուած պատկեր մը կը պարզեն, իսկ ապաքինումի տեւողութեան տարբերութեան միակ բացատրութիւնը այն էր, թէ ծառերը դիտող հիւանդները աւելի արագ ապաքինած են, որովհետեւ բախտը ունեցած են գտնուելու բնութեան տեսարան մը դիտող սենեակի մը մէջ:
Այս արդիւնքները զարմանք կը պատճառեն, որովհետեւ անոնց ներգործութիւնը շատ աւելի հզօր է, քան` նպատակաուղղուած դարմանումի միջոցներու կիրարկումը: Որոշ չափանիշներով` այն հիւանդները, որոնք բնութեան տեսարան մը կը դիտէին, չորս անգամ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէին, քան անոնք, որոնք կը դիտէին պատը: Նման ցնցիչ արդիւնքներ սովորաբար առիթ կու տան սկեպտիկ մօտեցումի: Սակայն բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են նմանօրինակ արդիւնքներ: Նման ուսումնասիրութեան մը մէջ միջավայրի երկու հոգեբաններ դիմած են 337 ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն հետ կը բնակէին Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջաններու գիւղական 5 հաւաքականութիւններու մէջ: Ուսումնասիրողները արձանագրած են իւրաքանչիւր ընտանիքի բնակարանին «բնութենականութեան» չափը` նիշերով արժեւորելով բնակարաններուն շուրջ բացուող բնութեան տեսարանները, ներքնամասի բոյսերու եւ ծաղիկներու գոյութիւնը, խոտով ծածկուած շրջափակերը: Ուսումնասիրողները նկատած են, թէ մանուկներէն ոմանք հասակ նետելու ժամանակ լարուած վիճակներ շատ չեն ապրած, հազուադէպօրէն կռուած են կամ պատժուած` դպրոցին մէջ, մինչդեռ ուրիշներ բռնացումի ենթարկուած են եւ դժուարութիւններ դիմագրաւած են իրենց ծնողներուն հետ յարաբերութեան մէջ: Երբ ուսումնասիրողները չափած են մանուկներուն ուրախութեան եւ բարօրութեան չափը, անոնք նկատած են, թէ այն մանուկները, որոնք դժուարութիւններ դիմագրաւած են, ընկճուած են եւ կը տառապին ինքնարժեւորումի պակասէ: Իրողութիւնը տարբեր է անոնց քով, որոնք ապրած են բնութեամբ շրջապատուած միջավայրերու մէջ: Յայտնապէս բնութեան ներկայութիւնը զանոնք պաշտպանած է ընդդէմ այն լարուածութեան, որ կաշկանդած էր մեծ մասամբ մարդու կողմէ կառուցուած միջավայրերու մէջ ապրող մանուկները:
Կատարուած է նոյնիսկ ուղղակի քննութիւն մը. ուսումնասիրողներ հարցումներ ուղղած են հարիւր ծնողներու, որոնց զաւակները կը տառապին կեդրոնացումի պակասէ, գիտնալու համար, թէ մանուկները ինչպէ՛ս կը հակազդեն խաղի պահերուն: Կեդրոնացումի պակասէ տառապող մանուկները յաճախ անհանդարտ են եւ ցրուած: Սակայն ուսումնասիրութեան մասնակցած ծնողները ըսած են, թէ բնութեան մէջ խաղալով, օրինակ` ձուկ որսալով եւ ֆութպոլ խաղալով, իրենց զաւակները շատ աւելի հանդարտ եւ կեդրոնացած վիճակի մէջ կը գտնուին: Բնութեան մէջ խաղցող մանուկները ոչ միայն ուրախ կը զգան, այլ նաեւ շատ աւելի կը շաղուին բարեկամներու հետ եւ կ՛աշխուժանան: Իրօք, նոյնիսկ այն մանուկները, որոնք ժամանակ կ՛անցընեն սենեակի մը մէջ, որուն դիմաց կը բացուի բնութեան տեսարան մը, շատ աւելի հանդարտ են, քան անոնք, որոնք կը խաղան բաց երկինքի տակ, մարդու կողմէ կառուցուած միջավայրերու մէջ, զուրկ` կանաչ խոտէ եւ ծառերէ:
Ի՞նչ բան բնութեան միջավայրը կը զատորոշէ այլ միջավայրերէ: Ինչո՞ւ հանդարտ փողոց մը բնութեան հանդարտ տարածքի մը ներգործութիւնը չ՛ունենար: Ճարտարապետութիւնը ունի իրեն յատուկ գեղեցկութիւն: Ոմանք քաղաքի միջավայրը կը նախընտրեն բնութեան միջավայրէն: Հետեւաբար ինչո՞ւ յայտնապէս միայն բնութիւնը օժտուած է նման վերաթարմացնող ներգործութեամբ: Պատասխանը այն է, թէ բնութեան միջավայրերը բաղկացած են յատուկ երեւոյթներէ, որոնք զիրենք կը տարբերեն մարդու կողմէ կառուցուած տարածքներէ: 20-րդ դարու արշալոյսին արդի հոգեբանութեան առաջին հսկաներէն` Ուիլիըմ Ճէյմս բացատրած է, թէ գոյութիւն ունի մարդկային երկու տեսակի կեդրոնացում: Առաջինը ուղղուած կեդրոնացումն է, որ մեզի առիթ կու տայ կեդրոնանալու մեզմէ ճիգ պահանջող գործերու վրայ, ինչպէս` ինքնաշարժ վարել եւ գրել: Գիրք մը կարդալը եւս կը պահանջէ ուղղուած կեդրոնացում եւ կը նկատենք, թէ կը սկսինք ցրուիլ, երբ կը յոգնինք, կամ երբ ժամեր շարունակ կը կարդանք: Երկրորդ ձեւի կեդրոնացումը ակամայ կեդրոնացումն է, որ դիւրին է եւ մտային որեւէ ճիգ չի պահանջեր: Ինչպէս Ճէյմս բացատրած է` «տարօրինակ բաներ, շարժող բաներ, վայրի անասուններ, փայլող բաներ, գեղեցիկ բաներ, բառեր, հարուածներ, արիւն, եւն. եւն. եւն.», այս բոլորը ակամայ կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը»:
Անտառներ, Առուակներ, Գետեր,
Լիճեր, Ովկիանոսներ Շատ Քիչ Բան
Կը Պահանջեն Մեզմէ
Բնութիւնը կը վերաթարմացնէ մեր մտային գործունէութիւնը, այնպէս ինչպէս սնունդը եւ ջուրը կը վերաթարմացնեն մարմինը: Առօրեայ կեանքի պարտադրանքները` խճողումէն խոյս տալը, որոշումներ կայացնելը, դատողութիւններ կատարելը, օտարներու հետ կապ հաստատելը, այս բոլորը կը սպառեն մեր ուժերը: Իսկ ինչ որ մարդու կողմէ կառուցուած միջավայրը կը խլէ մեզմէ, բնութիւնը կը վերադարձնէ մեզի: Խորհրդաւոր, եւ կարելի է ըսել ոչ գիտական բան մը կայ այս հաստատումին մէջ, սակայն անոր կորիզը կը կազմէ կեդրոնացումը վերաթարմացնելու տեսութիւնը, ինչպէս զայն կը կոչեն հոգեբաններ: Այս տեսութեան համաձայն, քաղաքային միջավայրերը կը սպառեն մեզ, որովհետեւ մեզի կը պարտադրեն մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել յատուկ պարտաւորութիւններու վրայ, ինչպէս` խուսափիլ խճողումի հեղեղէն, եւ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն անխնայ կերպով, անընդհատ մեզի ըսելով` «հո՛ս նայեցէք», փոխանակ մեզի ըսելու` «հո՛ն նայեցէք»: Նման պահանջներ կը սպառեն մեզ, մինչդեռ անոնք բացակայ են բնութեան միջավայրին մէջ: Անտառներ, առուակներ, գետեր, լիճեր, ովկիանոսներ շատ քիչ բան կը պահանջեն մեզմէ, թէեւ քաշողական ուժ մը ունին, տեւաբար կը փոխուին եւ իրենց վրայ կը հրաւիրեն մեր ուշադրութիւնը: Բնութեան եւ քաղաքային միջավայրերու միջեւ տարբերութիւնը մեր ուշադրութիւնը գրաւելու ձեւին մէջ է: Մինչ մարդու կողմէ կառուցուած միջավայրերը մեզ ենթակայ կը դարձնեն գրգռիչ խթաններու տարափին, անդին` բնութեան միջավայրերը մեզի առիթ կու տան մտածելու, որքան շատ կամ քիչ որ պիտի ուզէինք մտածել, ինչպէս նաեւ` վերաթարմացնելու մեր մտային սպառած աղբիւրները:
Ճափոնի եւ Գերմանիոյ մէջ բուժակներ երկար ժամանակէ ի վեր կը շեփորեն բնական դարմանումի բարիքները` հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, թէ մարդկութիւնը իր պատմութեան 99.99 առ հարիւրը ապրած է բնութեան միջավայրերու մէջ: Բնութեամբ դարմանումի ճափոնական տարբերակը կը կոչուի շինրին-եոքու, որ կը նշանակէ` «անտառային լոգանք»: Անիկա հիւանդներէն կը պահանջէ երկար քալել անտառային տարածքներու մէջ, շնչելով անտառային փայտերու բոյրերը, որոնք կը պատեն անտառային մթնոլորտը: Նոյնպէս` գերմանական Քնայփ դարմանումի ձեւը հիւանդներէն կը պահանջէ ֆիզիքական մարզանքներ կատարել անտառային հարթ տարածքներու վրայ: Նման այլընտրանքային դարմանումի ձեւեր պարզապէս մշակութային տարօրինակութիւններ չեն: Ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ հիւանդներ մեծապէս կ՛օգտուին անոնցմէ: Քաղաքային շրջաններու մէջ քալող հիւանդներուն բաղդատած` շինրին-եոքու կիրարկող հիւանդներուն արեան գերճնշումը շատ աւելի նուազ է, անոնց բազկերակը` շատ աւելի դանդաղ, իսկ բնածխաջրատ (քարպոհայտրէյթ) եւ բնասպիտ (փրոթին) իւրացնող քորթիսոլ գեղձին արտադրութեան համեմատութիւնը` շատ աւելի ցած, ինչ որ ցուցանիշ է նուազ լարուածութեան: Բնութեան տեսարաններ դիտող անձեր ոչ միայն աւելի ուրախ կը զգան, այլ նաեւ` աւելի հանգիստ: Հոգեբանականօրէն աւելի լաւ զգալու ծառայող գործօնները եւս դրական կերպով կը հակազդեն բնութեան միջոցով դարմանումի ձեւերուն:
Բնութեան միջավայրերը հանդարտութիւն եւ լաւ զգալու վիճակ մը կը պարգեւեն, մասամբ որովհետեւ նուազ լարուածութիւն կը պատճառեն: Անոնց մէջ ապրուած լարուածութեան փորձառութիւնները շատ աւելի մեղմ են` բաղդատած այն փորձութիւններուն եւ անձկութիւններուն, զորս մեզմէ շատեր կ՛առնչեն լարուածութեան հետ, ինչպէս` աշխատավայրի մէջ հարցեր, երթեւեկի խճողում, ճչացող մանուկներ` օդանաւային թռիչքներու վրայ: Մարդիկ կ՛աշխուժանան որոշ գրգռիչ խթաններ ստանալով, սակայն անկարող են յարմարելու չափազանց լարուածութիւն պատճառող խթաններու, որոնք մեզ մեղմ լարուածութեան վիճակէ մը արմատախիլ ընելով` կը նետեն ընկճուածութեան վտանգաւոր դաշտը:
Հետաքրքրական վայրեր, ինչպէս` բնութեան եռուն միջավայրեր, այնքա՛ն օգտակար են մեզի, որ բժիշկներ սկսած են մտածել, թէ զանոնք կրնան յանձնարարել իբրեւ աժան եւ ազդու միջոցներ` մեղմացնելու համար որոշ տեսակի քաղցկեղներու հետեւանքները: Ուսումնասիրողներու խումբ մը ապացուցած է, թէ վերջերս կուրծքի քաղցկեղի սկզբնական հանգրուանով ախտաճանաչուած կիներ շատ աւելի դիւրութեամբ յաջողած են ամբողջացնել մտային ճիգ պահանջող աշխատանքներ, երբ շուրջ երկու ամիս, շաբաթը երկու ժամ, իրենք զիրենք մխրճած են բնութեան միջավայրերու մէջ: Անոնք սկսած են այս սովորութիւնը կիրարկել քաղցկեղի ախտաճանաչումէն անմիջապէս ետք, շարունակուած են վիրահատական գործողութենէն ետք եւ ապաքինումի տեւողութեան: Ընկճուած այն բոլոր հիւանդներուն պէս, որոնք կը սկսին պայքարիլ կեանքին սպառնացող հիւանդութիւններու դէմ, այս կիները իրենց ախտաճանաչումէն կարճ ատեն մը ետք սկսած են պայքարիլ` կատարելու համար մտային ճիգ պահանջող աշխատանքներ: Անոնք որոնք ժամանակ անցուցած են բնութեան միջավայրերու մէջ, աստիճանաբար բարելաւուած են եւ վերագտած են մտային ճիգ պահանջող աշխատանքներու վրայ կեդրոնանալու իրենց կարողութիւնը: Միւս կողմէ` այն հիւանդները, որոնք չեն հետեւած բնութեան միջավայրերու մէջ ժամանակ անցընելու դարմանումի ձեւին, նոյն ժամանակամիջոցին դժուարութեան մատնուած են, երբ փորձած են կեդրոնանալ մտային ճիգ պահանջող աշխատանքներու վրայ:
Անշուշտ կեդրոնանալու կարողութիւնը եւ ապաքինումը շատ հեռու են իրարմէ: Սակայն սուր միտք ունեցող հիւանդներ յաճախ աւելի լաւ կը հակազդեն դարմանումի ձեւերու, կը հետեւին իրենց կատարուած յանձնարարութիւններուն եւ շատ աւելի գործօն մասնակցութիւն կը բերեն իրենց դարմանումի գործընթացին: Անշուշտ բնութիւնը ամբողջական դարման մը չէ, սակայն աժան եւ ազդու միջոց մըն է` մեղմացնելու հիւանդութեան մը ծանրութիւնը եւ բթացնելու առօրեայ լարուածութեան ներգործութիւնը:
—————————————-
* Այս գրութիւնը հատուած մըն է Ատըմ Օլթըրի «Տրանք թենք փինք. էնտ ատըր անեքսփեքթըտ ֆորսըզ տեթ շէյփ հաու ուի թինք, ֆիլ էնտ պիհէյվ» գիրքէն:

