Ծանրաբարձութիւն. Հայ Մարզիկը Եւրոպայի Ախոյեանութեան Գրաւեց Չորրորդ Դիրքը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան հանդիսացաւ 4-րդ:
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ, պայքարի մէջ մտած էին 77 ծանրաբարձներ:
Ան երկամարտի արդիւնքով բարձրացուց 346 (160 եւ 186) քկ եւ հանդիսացաւ 4-րդ:
Թէեւ նոյն արդիւնքը արձանագրեց Մոլտաւիոյ ներկայացուցիչը, սակայն անձնական աւելի թեթեւ կարգի համար Կարապետեան գերազանցեց այդ մրցակիցը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն երեք մարզիկներ` Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Գոռ Մինասեան եւ Հայկ Յակոբեան (գերծանր կշիռք, 105 քկ եւ վեր):
Անոնց հետ է նաեւ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը` Պօղոս Պօղոսեան:
CATEGORIES Մարզական


