Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքերուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող Եու. Է. Էֆ. Ա.ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Առաջինին պարագային իրարու դէմ յանդիման պիտի գան նախ Պայէրն Միւնիխ եւ Պարսելոնա, ապա` Պորուսիա Տորթմունտ եւ Ռէալ Մատրիտ: Երթի մրցումները պիտի կատարուին 23-24 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 30 ապրիլին եւ 1 մայիսին:

Գերմանական խումբերը պիտի ըլլան երթի մրցումները հիւրընկալողները:

Տեղի ունեցած այս վիճակաձգութիւնը հաւանականութիւնը բաց ձգեց, որ աւարտական մրցումը ըլլայ զուտ գերմանական եւ կամ զուտ սպանական:

Նշենք, որ աւարտական մրցումը պիտի կատարուի Անգլիոյ «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա լիկ»-ի կիսաւարտականի մրցումներուն, Պալ (Զուիցերիա), որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Թոթենհամը, քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, իր դէմ պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեան Չելսին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Ֆեներպահչէ երթի մրցումին իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պենֆիքան:

Նշենք, որ կիսաւարտականի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 25 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 2 մայիսին:

Share this Article
CATEGORIES