Հայրական Սիրով Եւ Հայկական Սրտով Բնորոշ Պարոն Սարգիսը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«1989-90 տարեշրջանը մեծ բան փոխեց Խանամիրեան քոլեճի  աշակերտութեան կեանքին մէջ: Բարենպաստ տարի մը կարելի է նկատել այդ տարին: Տարեշրջանի սկզբնաւորութեան աշակերտութեան յայտարարուեցաւ, որ պարոն ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆը նշանակուած է դպրոցին ընդհանուր հսկիչը:

«Արդէն այս մէկը շունչ մը տուաւ մեզի…

«Պրն. Սարգիս առաջին օրէն եղաւ Գորբաչովը մեր վարժարանին` իրեն հետ բերելով փերեսթրոյքան… եւ չափանիշները փոխուեցան` օրէնքներու մեղմացում, աշակերտ¬ընդհանուր հսկիչ կապի սերտացում, ընկերային յաջող մթնոլորտ, առաջին օրէն աշակերտական խորհուրդի ստեղծում… եւ տակաւին ինչե՜ր…

«Խմբագրութիւնը առանց այլեւայլի կը գնահատէ պրն. Սարգիսը, ու կը յուսանք, որ այսպէս մնայ միշտ, խանդավառ, եռանդուն եւ կարեւորագոյնը` մեզի համար գործող»:

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ պատրաստուած ձեռագիր թերթին մէջ տեղ գտած վերոնշեալ «Սլաք»¬ը լաւագոյնս կը բնորոշէ մեր դպրոցի յարկին տակ պարոն Սարգիսին քաջալերող, ապահովութիւն ներշնչող եւ հանգստացնող ներկայութիւնն ու աշակերտներուն կողմէ անկէ եղած մնայուն ակնկալութիւնները, որոնք ո՛չ մէկ օր յուսախաբութեան մատնուած են:

Ծանր շուք ունեցող, աչքի նայուածքով իսկ աշակերտ սաստող ու պատգամ փոխանցող պարոն Գէորգ Միքայէլեանը իբրեւ ընդհանուր հսկիչ ունեցած աշակերտութիւնը, աշակերտական բնական հոգեբանութենէ տարուած, աւելի մեղմ մօտեցումով պատասխանատուի մը նշանակումը կ’ընկալէր ուրախութեամբ: Օրին չէինք գիտակցեր, որ պարոն Միքայէլեանին խստութեան մէջ ալ կար մեծ սէր ու հոգատարութիւն, դաստիարակութիւն եւ մարդակերտում. աշակերտական միտքը չէր ուզեր այդքան խորը թափանցել:

Պարոն Սարգիսին ընդհանուր հսկիչ նշանակումը բարենպաստ եղաւ ո՛չ միայն դպրոցին եւ աշակերտական կեանքին համար, այլ անիկա բարեբեր եղաւ զինք ճանչնալու առիթ ունեցած իւրաքանչիւր աշակերտի համար, որ պարոն Սարգիսը ունեցաւ իբրեւ խորհուրդ տուող ու կարծիք փոխանակող ընկեր, գուրգուրացող եւ ճիշդը մատնացոյց ընող երէց եղբայր, աշակերտական չարաճճիութիւններուն ներողամտութեամբ մօտեցող եւ առանց ցաւցնելու կամ վիրաւորելու յանդիմանող հսկիչ, սիրող, անսահման ու անդադար սիրող հայր…

Պարոն Սարգիս եղաւ աշակերտներուս սիրելին, որուն կը դիմէինք մեր ծրագիրներու իրականացման նպատակով, եղաւ մեր փաստաբանը, որուն կ՛ապաւինէինք մեր դատերու պաշտպանութեան ի խնդիր, եղաւ մեր ընկերը, որուն հարազատ բազուկները կը գրկէին մեզ մեր լաւ ու վատ պահերուն, ուրախ ու տխուր ժամերուն, յաջողութեան կամ ձախողութեան պարագային:

Տակաւին կայ աւելին, աւելի վեհն ու կարեւորը. պարոն Սարգիս ազգային շունչ փոխանցող, գիրի ու գրականութեան հանդէպ սէր ու բծախնդրութիւն թելադրող ուսուցիչն էր, որ ամէն առիթի կը փորձէր հայկականութիւն փոխանցել, ազգային ոգի սերմանել, աշակերտները մղել գրելու, ստեղծագործելու, յանդուգն ըլլալու, սորվելու, կարդալու, մեր գրականութեան մեծերուն հետ կապի մէջ մնալու, հայութեան անցեալով եւ ներկայով հետաքրքրուելու, մտահոգուելու եւ գիտակցելու, որ ազգն ու հայրենիքը իւրաքանչիւրէս ակնկալութիւն ունի, ամէն մէկս տալիք ունինք մեր ժողովուրդին` հայութեան գոյատեւման ի խնդիր:

Եղաւ այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ միայն տալով յատկանշուած էր, միայն նուիրուելով բնորոշ էր, միայն բարութեամբ պարուրուած էր:

Խանամիրեանն ու խանամիրեանականները բախտաւոր եղան պարոն Սարգիսը ունենալով իրենց կողքին, իրենց հետ, իրենց համար…

***

Դաստիարակ սիրելի՛,

Յաճախ չէինք հանդիպեր, բայց ներաշխարհս հանգիստ էր, որովհետեւ կրնայիր յանկարծ յայտնուիլ «Ազդակ»¬ի յարկին տակ, ուրկէ չէիր հեռանար առանց ինծի այցելութիւն մը տալու, հարազատի յատուկ հարցումներ ուղղելու, հայրական ջերմութեամբ գրկելու ու համբուրելու զիս…

Մնայուն կերպով չէինք զրուցեր թէեւ, բայց ժպիտս բաւական լայն ու հպարտութիւնս բաւական մեծ կ՛ըլլար, երբ տարբեր փառատօներու կամ ընտրական հանդիպումներու ընթացքին կը թնդար ձայնդ, կը թնդացնէր բոլոր ներկաներուն սրտերը, զանոնք կը մղէր գործելու, յոյսով եւ հաւատքով լեցուելու, աննահանջ յառաջանալու…

Ամէնօրեայ տեսակցութիւններ չէինք ունենար, բայց իւրաքանչիւր տեսակցութեան ընթացքին արտասանուած քաջալերող եւ գօտեպնդող խօսքերդ, աշխատանքներուս մասին կարծիքդ, մատնանշումներդ, հպարտութեամբ լեցուն նայուածքդ բաւական երկար ատեն կ՛ընկերակցէին ինծի…

Վերջինը չնախատեսուած հանդիպում էր, ամէն տեսակի ակնկալութիւններէ տարբեր, մեր սովորութիւններուն երբեք չնմանող, քու մօտեցումներուն անյարիր…

Չկայի՜ր… Չկային ջերմ բազուկներդ, չկային գուրգուրոտ աչքերդ, չկար թաւ, սակայն մեղմ շեշտով ձայնդ, չկար հայրական մօտեցումդ, չկայի՛ր, հայ ըլլալը իբրեւ հպարտութիւն աշակերտներուդ երակներուն մէջ ներարկող, սիրելի՛ ուսուցիչ:

Կային բազմաթիւ ու անվերջանալի յիշատակներդ, որոնք տարբեր գոյն ու ձեւ, բովանդակութիւն եւ միջավայր ունէին վերջին հանդիպում¬հրաժեշտիդ եկած ծով բազմութիւն կազմող իւրաքանչիւր անհատի մտապատկերին մէջ, կային գաղափարներդ ու խօսքերդ, հնչող ամէն մէկուն մտքին մէջ, արձագանգող ականջներուն մէջ քու սիրելիներուդ, կայիր քու տիրականութեամբդ, հարազատութեամբդ, դրական ներկայ-բացակայութեամբդ…

Չկայի՜ր… Կարծես խանամիրեանականներս որբ մնացած էինք, կը փնտռէինք քեզ առանց հաւատալու, որ անկիւնէ մը պիտի չլսուին ոտնաձայներդ, պիտի չհնչէ ձայնդ, պիտի չփայլին աչքերդ… Դպրոցական օրերուն որքա՜ն կը փափաքէինք, որ մեր անկարգութեան պահերուն յանկարծ չյայտնուէիր, մեր վիճակին ի տես դէմքդ չխստանար, այպանումով լի աչքերով հեռուէն մեզի չնայէիր… Բայց հազիւ մօտեցած արդէն քու իսկական պատկերդ կ’ուրուագծուէր, աշակերտներէն մէկուն ուսին կը դնէիր ձեռքդ, կարծրութիւնը կ’անհետանար դէմքէդ, բարկութիւնը` ձայնէն եւ մեղադրական, խրատական ու գուրգուրոտ շեշտով հարց կու տայիր. «Ինչո՞ւ այսպէս ըրիք, չէ՞ք գիտեր, որ ճիշդ չէ»:

Հերթը մերն է յուզումով, վիշտով ու սիրով հարց տալու. «Ինչո՞ւ այսպէս ըրիր, չէի՞ր գիտեր, որ տակաւին շա՜տ կանուխ էր…»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES