Լիբանանահայութեան «Բարի Հսկան» (Սարգիս Տէր Խաչատուրեանի Մահուան Առիթով)
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Ի՜նչ առիթ…
Առիթը ո՞րն է, երբ այլեւս չկայ ո՛չ պատեհութիւն, ո՛չ պարագայ եւ ո՛չ ալ պատճառ, երբ «սիրտըս նման է էն փլած տներուն», եւ ուր բոյն են դրած «վայրի հաւքեր /… Տօ՛, լա՛ճ, տնաւեր…»:
Քառասուն օր անցաւ արդէն, բայց տակաւին կը շարունակես հալածել զիս: Չես բաժնուիր, չես հեռանար, ա՛լ աւելի կը հաստատուիս ջարդուփշուր սրտիս մէջ եւ կը գրաւես ողջ էութիւնս` քու բարի, բարի՛ ժպիտով, լիահագա՛գ քրքիջով, մանուկի մը առաջին կաթիլ արցունքին չափ վճիտ ու անմեղ ներկայութեամբ եւ թաւալող ձիւնագնդակի մը ուժգնութեամբ ահագնացող թախիծով, անմար ցաւով եւ աշխարհ մը կարօտով: Սիրտս ու ողջ էութիւնս այրող այն հրդեհով տակաւին, որ չմարեցաւ, ցուրտ դագաղիդ դիմաց արտասանուած քանի մը թեւաբեկ ու երկչոտ նախադասութիւններով չմեղմացաւ, ընդհակառակն, ա՛լ աւելի ահեղացաւ, բազմապատկուեցաւ վայրկեան առ վայրկեան եւ զիս վերածեց ինքն իրմէ սարսափող խառնաշփոթ բաբելոնի մը: Չէի գիտեր, որ ա՛յսքան, այս աստիճան կը սիրեմ քեզ: Գիտէի, որ եղբայրական ջերմաջերմ ապրումներ մեզ կը կապեն իրարու: Գիտէի, որ միշտ իրարու հետ կ՛ըլլայինք, նոյնիսկ երբ ամիսներով կը մնայինք իրարմէ հեռու, սակայն հեռակայ հոգեղբայրութեամբ մը միշտ կ՛ըլլայինք իրարու հետ, իսկ երբ յանկարծ, անակնկալօրէն դէմ-դէմի կու գայինք, պահ մը կ՛ապրէինք այն անբացատրելի զգացումը, որ կարծես ակնթարթ մը առաջ իրարմէ բաժնուած ենք:
Բաժնուի՜լ… ի՜նչ բաժնուիլ… բաժանումը ո՞րն է, երբ մէն մի բաժանում հանդիպում էր սրտագրաւ եւ զուարթ ու ծաղկազարդ բախտաւորութիւն, սակայն անաւարտ ու կիսաւարտ միաժամանակ` յար եւ նման կեանքիդ, ճիշդ ու ճիշդ վերջին կատակիդ պէս, որ, թոյլ տուր խոստովանիմ, քեզի երբե՛ք չէր վայելեր: Չվայելցուցի: Եւ չվայելցուցին շատ-շատեր, բարեկամ ու ընկեր, հարազատ ու կիսածանօթ եւ հաւանաբար նոյնիսկ ակնթարթ մը քաղցր մտերմութեամբդ արբեցած պատահական մէկ անծանօթը:
Քանի մը անկապ նախադասութիւններ իբրեւ մահախօսական թուղթին յանձնելու մտադրութեամբ վերցուցի գրիչը, բայց կը տեսնեմ, որ կը սեւագրեմ քեզի հասցէագրուած առաջին ու միակ նամակս, այն ալ` յետ-մահու: Որքա՜ն ծոյլ ու ապերախտ գտնուած եմ, որքա՛ն այպանելի եւ քարսիրտ, հաւատա՛ չէի գիտեր: Մտադրած էի այցելել, կը սպասէի հիւանդանոցէն տուն դարձիդ, որպէսզի քեզ հիւանդանոցի անկողինիդ մէջ տխուր եւ ընկճուած չտեսնեմ: Վերադարձած էիր, տեղեակ չէի, բայց տեղեկացայ յանկարծ, որ անվերադարձ մեկնած ես… ուրիշ վայր մը, ահաւոր տեղ մը, տարօրինակ աճապարանքով մը…
«Շէնքը փլաւ» գոյժը տակաւին կ՛արձագանգէ ականջներուս մէջ: Հեռաձայնը խանգարած բօթը չէ լռած կարծես եւ ես դեռ ոչինչ կը հասկնամ: Յուզումը հիմա կոկորդս կը սեղմէ, աչքերս կարծես պիտի պայթին, սակայն տակաւին բան մը հասկցած չունիմ` ո՛չ կեանքէն եւ ոչ ալ մահ կոչուած սատանայէն: Դուն կը հասկնա՞ս… հաւանաբար կը հասկնաս` երկնային խաղաղութեամբ պարուրուած արքայութեան մէջ, ուր ունիմ հայր ու որդի, ընկերներ ու բարեկամներ, գրչեղբայրներ ու սիրելիներ, որոնք, անտարակոյս, ինծի կը սպասեն:
Բայց ըսէ՛, խնդրե՜մ, ինչու այսքան աճապարեցիր, երբ նոր պիտի սկսէիր կեանք ըսուածը ըմբոշխնել, զաւակ ամուսնացնել, թոռնիկ գրկել ու հրճուիլ, սիրել ու սիրուիլ եւ համոզուիլ, որ քեզի հանդէպ անգութ դուրս եկած այս կեանքը այնքան ալ չար չէ, որ պուտ մը ժպիտ եւ շող մը երջանկութիւն պահած է քեզի, համով ու բարի` անհունօրէն սիրելի Շողակիդ ու Նանօրիդ չափ եւ հեզ ու համբերատար` աշխարհ մը հոգերուդ ու ցաւերուդ բաժնեկից Մարալիդ պէս:
Հաւանաբար ուրիշ սիրելիներ գրեն անմնացորդ դաշնակցականին, նուիրեալ կրթական մշակին, համակ հաւատք եւ ապրում արուեստագէտին, ժողովուրդի համեստ ծառայ խոնարհ հերոսին եւ գաղափարապաշտ հայու համբուրելի արժանիքներուդ մասին: Հարուստ ու հարուստ կեանքէդ դրուագներ յիշեն – ե՛ս ալ կրնամ յիշել – եւ վկայակոչեն այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք խորքին մէջ մանրամասնութիւն չեն, են քու մարդկային բացառիկ տեսակդ բնորոշող առանձնայատկութիւն ու նկարագրային գանձ: Պարզ ըսած` ի վերուստ քեզի պարգեւուած որակական հարստութիւն, որուն ամենայն իրաւունքով արժանի էիր, արժանի եւ արժանապատիւ պահեցիր ու փառաւորապէս արժեցուցիր` կեանքդ վերածելով ամէնօրեայ ինքնաբաշխումի, սիրոյ խրախճանքի եւ արժանաւորապէս եղար լոյսի չափ տաք ու անհրաժեշտ, կենսաթրթիռ ու անձնամոռ մէկ զոհն ու զոհաբերը կեանք կոչուած պատարագին:
Հիմա քեզ կը պատկերացնեմ հայ թատրոնի մէկ խորախորհուրդ կամուրջին վրայ, ոչ իբրեւ դերասան ու դերակատար, այլ երկոտանի գազաններով ու գիշատիչ ասուններով խճողուած մեր անտառը բարձրէն, հոգիիդ անհասանելի բարձունքէն դիտող, կշռող, զայրացող, ըմբոստացող, բայց մի՛շտ ներող իբրեւ մարդկային ամբողջական որակ ու տեսակ, ընկեր ու եղբայր, հայր ու հարազատ: Նաեւ` իբրեւ ծով համեստութեան ու անաւարտ սիրոյ հեզահամբոյր ախոյեան մը, որ երբեք եւ ոչ մէկ ատեն իրը փնտռեց, շարունակ ապրեցաւ կեանքի լուսանցքին վրայ, ակնթարթ մը չփորձեց տեղ գրաւել կեանքի կիզակէտին այս կամ այն պատուանդանն ի վեր, որուն այնքա՜ն արժանի էիր, աղ ու հաց, եղբայրութիւն ու սրբութիւն ոչ թէ երեսուն, այլ երեք պղինձի վաճառող շատ ու շատ մերօրեայ «փառքի վաշխառուներէ» աւելի: Եւ` ամենա՛յն իրաւունքով:
Լա՛ւ ըրիր: Ճի՛շդ ըրիր:
Որովհետեւ եթէ րոպէ մը տկարանայիր` կը դադրէիր լիբանանահայութեան «բարի հսկան» ըլլալէ, կ՛ըլլայիր ուրիշ անձ մը, զզուելի, արգահատելի, խեղճ ու անկարեւոր ողջ դիակ մը, հոգիով աղքատ տափակ ոչնչութիւն մը, անբարոյ ու գարշահոտ լէշ մը:
Այո, ճի՛շդ ըրիր: Արդէն ուրիշ բան չէիր կրնար ըլլալ եւ, հազա՛ր փառք ու հազա՜ր-հազա՜ր պատիւ, որ միշտ եւ ամէն ժամ մնացիր այն մեծահոգի ու պարթեւահասակ մանուկը, որուն ջուրը «ուրիշ ջրէն էր» եւ խօսքը` արտակարգօրէն, թոյլ տուր ըսեմ` յամառօրէն սրբազան սրտի մը խոր խորերէն առատօրէն յարաբխող աղբիւրի մը նման անմահական էր:
Վաղը քառասունքդ է: Ինչ քառասունք եւ ի՜նչ տարելից: Վասնզի իր համեստութեամբ հարուստ կեանքիդ ոսկեմատեանին մէջ, միշտ եւ շարունակ «վաղը» բառը պիտի փոխարինուի «այսօր» եւ «յար յաւիտեան» բառերով, յաւերժակա՛ն ներկայութեամբ, բայց նաեւ, ինչպէ՜ս ըսեմ, աննկարագրելիօրէն ծանր ու անժամանակ կորուստով:
Այս կատակը ընելու երբե՛ք իրաւունք չունէիր: Դեռ շատ, շա՛տ, շա՜տ կանուխ էր «տօ՛, լա՛ճ տնաւեր»:
Ափսոս եւ հազա՛ր ափսոս…

