Գործին Հաւատացող Դաշնակցականը

Բոլորին համար անհաւատալի եղաւ ընկեր Սագոյի մահուան գոյժը, որովհետեւ այդ բաբախուն սիրտը կանգ առաւ լաւ յուշերը թողնելով իր ետին: Կեանքը սիրող ընկեր Սագոյին ամէնէն մօտիկ ու հեռաւոր ծանօթներն անգամ կը վկայեն, թէ եթէ նոյնիսկ տասը տարի առաջ հանդիպած ըլլայիր, կ՛ունենայիր այն տպաւորութիւնը, թէ կարծես երէկ էր:

Բազմատաղանդ ընկեր Սագոն ընթերցող էր եւ գրիչի մարդ, դարձաւ սերունդի մը ուսուցիչը, տնօրէնը, անոնց փոխանցելով հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հարուստ պատմութիւնը:

Ընկեր Սարգիս Տէր Խաչատուրեան իր ներդրումը ունեցաւ նաեւ մշակութային կեանքին մէջ, Համազգայինի իր կոչումին տէր մնալով բեմ բարձրացաւ բազմաթիւ բարձրորակ ներկայացումներով` ստանձնելով իտէալ տիպարներ, հմայելով հանդիսատեսները:

Մեզմէ ո՛վ ծանօթ չէ իր պոռթկացող խօսքերուն, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտի թրիպիւնները կը ցնցէր իր խրոխտ ձայնով, մինչ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կը տողանցէր:

Սիսի մէջ ծանօթ էր բոլորին` իր աշխուժ, համեստ եւ անկեղծ նկարագիրով, չէր փափաքեր նրբութիւններ յարգել: Դաշնակցականի իր երդման հաւատարիմ գործեց իր ժողովուրդին համար, գործին մեծն ու պզտիկը չկար իրեն համար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին թէ՛ պահակ էր, եւ թէ՛ խմբապետ, այդ թէժ կռիւներու օրերուն եղաւ նաեւ մեռելաթաղ: Իր ծուխի եկեղեցւոյ եւս բաժին ինկաւ, ան տարիներ շարունակ Սուրբ Սարգիսի տօնակատարութեանց վարեց սեղանապետի իրեն վստահուած պարտականութիւնը:

Ակումբին մէջ իր ներկայութիւնը կը ստեղծէր յատուկ մթնոլորտ. իր խանդավառ խօսքերով եւ գաղափարներով յաճախ քննարկումներու ծայր կու տար: Վերջին շրջանին մնայուն ներկայութիւն էր շրջանի քաղաքապետարանի շէնքերու յարկին տակ գտնուող Բաբգէն Սիւնի կեդրոնին մէջ, ուր բծախնդիր էր կարգապահութեան եւ յաճախ դաշնակցականի իր գաղափարները կը փոխանցէր ներկայ սերունդին:

Այսքան հարուստ արժանիքներով օժտուած, գրիչի եւ զէնքի, համեստութեան եւ յեղափոխութեան եւ մանաւանդ իր պաշտած կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ ընկերոջ կենսագրականը դժուար է ամփոփել տողերու մէջ: Վստահ ենք, որ իր նկարագրային խառնուածքէն շատ բան պատգամեց իր շուրջի ընկերներուն, որոնք պատրաստ են նոյն ուղին շարունակել:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ընկե՛ր Սագօ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES