«Հայ Ենք Մենք» Թատրոնը` Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Բեմին Վրայ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ թատրոնի յանձնախումբը ամիսներ առաջ յղացան եւ ծրագրեցին համահայկական առումով աշխատանք մը ներկայացնելու գաղափարը, որ կը միտէր հանրութեան հրամցնել հայկական ազգային դարաւոր արժէքները, աւանդութիւնները եւ մշակոյթը խտացնող աշակերտական ներկայացում մը: Արդարեւ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի

Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններու համագործակցութեամբ, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը լիբանանահայ գաղութին մատուցեց «Հայ ենք մենք» երաժշտախառն թատրոնը, որ ներկայացուեցաւ ուրբաթ, 12 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան, բեմադրութեամբ վարժարանի քիմիագիտութեան ուսուցիչ  Յովիկ Յակոբեանի, իսկ բնագիրի հեղինակն էր վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցիչ Մարգրիտ Ազատեան:

Մեծաթիւ ներկաներ ժամանակէն առաջ հասած էին սրահ` շրջելու համար մուտքին տեղակայուած հայրենակցական միութիւնները ներկայացնող ցուցահանդէս-վաճառքի սեղաններուն շուրջ, ուր ցուցադրուած էին իւրաքանչիւր միութեան պատմութիւնը` գիրքերով թէ հերոսական պատկերներով, աւանդութիւնները` ձեռագործով թէ յատուկ ճաշատեսակներով, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ գիւղաքաղաք յատկանշող իրեր:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ թատրոնի յանձնախումբի անդամներէն` վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ Մարօ Չուխատարեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` նշեց, որ «հայ ժողովուրդը հարուստ է ազգային աւանդութիւններով, հետեւաբար, այս թատրոնով վարժարանը կ’ուզէ բարձր պահել համազգային աւանդութիւնները եւ զանոնք փոխանցել նորահաս սերունդին»: Ան յայտնեց, որ «հայ աշակերտին ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու կողքին, վարժարանին նպատակն է հայ աշակերտը մօտեցնել իր հարազատ միջավայրին` տալով հայկական արուեստներուն հանդէպ ճաշակ, եւ վառ պահել հայկական սովորութիւնները, որոնք կտակն են մեր նախահայրերուն»: Չուխատարեան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, որ «վերածնունդ ապրած հայ ազգը ջահակիրն է իր պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին, արուեստին եւ արհեստին, որոնց յարատեւութեան եւ գոյատեւման համար պարտինք խնայել ոչ մէկ ջանք»:

«Հայ ենք մենք» թատրոնին նիւթն էր պատմութիւնը զոյգ մը տիգրանակերտցի հայ տղոց, որոնք դժգոհ իրենց «ոչխարներու նման ապրող եւ գայլերու կողմէ հալածուող ու յափշտակուող» առօրեայէն, կը մերժեն լալ աւերակներուն վրայ եւ կ’որոշեն ծաղկեցնել փշոտ ճամբաները եւ որոնել իրենց բախտը, սակայն անհրաժեշտ նկատելով ափ մը հող իրենց հետ տանիլ հայրենի երկրէն, որպէսզի անով զօրանան իրենց կամքն ու հոգին, անոր ուժով իրենք կառչած մնան իրենց հողերուն եւ անոր կանչով վերադառնան հայրենիք:

Տղաքը իրենց ճանապարհորդութեան ընթացքին կ’անցնին Պատմական Հայաստանի գիւղերով ու քաղաքներով, ուր կը ծանօթանան իւրաքանչիւր շրջանի աւանդութիւններուն, սովորոյթներուն, բարքերուն եւ յատկանշական կէտերուն: Տղաքը, իրենց ճամբուն վրայ հանդիպած իւրաքանչիւր գիւղէն իրենց հետ կը տանին տպաւորութիւններ` Սասունէն, Մարաշէն, Ուրֆայէն, Խարբերդէն, Քիլիսէն, Այնթապէն, Էյպեզէն եւ մեր պատմական անգնահատելի ժառանգութիւնները կրող բոլոր գիւղաքաղաքներէն, ուրկէ իրենց հետ կ’առնեն մեր գոյապայքարին համար անհրաժեշտ հանդիսացող «զէնք»-երը` խաչը, սուրը, այբուբենը, գրականութիւնը, մշակոյթը, որոնք երաշխիքն են վերածնունդ ապրած եւ բնաջնջման ամէն տեսակի վտանգներուն դէմ դրած, վերականգնած, քաղաքակիրթ եւ իր փառաւոր մշակոյթով հարուստ ազգի մը գոյութեան:

Եւ քանի որ հայը թափառական եւ յաւերժի ճամբորդ եղած է, օրերու ճամբորդութենէ ետք տղաքը կը հասնին մայր Հայաստան, ուր թատերախաղին հերոսը կը գտնէ իր սրտին սէրը եւ պսակ կը կնքէ երեւանցի աղջկան հետ` հայկական աւանդական հարսանիք մը ներկայացնելով:

Ներկայացման աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «հայ ենք մենք եւ հայ կը մնանք` պահելով մեր կրօնը, լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ մեր ազգային միասնականութեան ոգին, որ պատգամն էր այս թատերական գործին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ծրագրի յաջողութեան, ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, համագործակցող հայրենակցական միութիւններուն, բեմադրիչին, վարժարանի Ծնողաց օժանդակ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ արուեստի այս կտորը հանրութեան ներկայացնել: Ապա ան շնորհակալական յուշանուէրով մը պատուեց դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «այս թատերական ներկայացումով տպաւորուած` կը հաւատանք, որ աշխարհով սփռուած ազգ մը ըլլալով ունինք մարտահրաւէրներ, բայց մեր ուժով կրնանք յաղթահարել զանոնք` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական ջանքերով, ինչպէս նաեւ մեր մատաղ սերունդին պայծառ ժպիտով, նուիրումով, ակնկալիքներով լեցուն աչքերով եւ անկոտրում կամքով, երիտասարդներ, որոնք իրենց մասնագիտութիւններով եւ գիտելիքներով պիտի շէնցնեն հայ ազգը»: Ան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մաղթեց նորանոր նուաճումներ:

Փակման խօսքով բեմ բարձրացաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ ըսաւ, թէ «այս սրահէն այսօր կը մեկնինք մեր հայրենիքի ու Ղարաբաղի պաշտամունքով, Հայ մշակոյթի, մեր նահատակներու եւ Հայ դատի պաշտամունքով, որպէսզի շարունակենք մեր ընթացքն ու սլացքը իբրեւ հայ` մնալով հայ եւ փաստելով աշխարհին, որ մենք կանք ու պիտի մնանք»: Ձեռնարկը աւարտեցաւ գերյարգելի հօր  պահպանիչով ու Տէրունական աղօթքով:

 

Share this Article
CATEGORIES