«Կիւլպենկեան»-ի Հայկական Բաժինի Վարիչ-Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի հետ: Հաւաքին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձան Մեսրոպեան-Կիւլպենկեան գործակցութեան վերսկսման կարելիութիւնները եւ ծրագիրները: Կրեկուար Գալուստ ներկայացուց դպրոցի կրթական ու ազգային գործունէութիւնը եւ անդրադարձաւ նոր ծրագիրներուն` շեշտելով, որ վարժարանը կը գտնուի 75-ամեակի սեմին:

Մեսրոպեանի տնօրէնը յաջողութիւն մաղթեց դոկտ. Փանոսեանին` անոր նոր պաշտօնի ստանձնման առիթով, եւ մաղթեց, որ Փանոսեան արձանագրէ նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ:

Իր կարգին, «Կիւլպենկեան» հաստատութեան հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէնը յայտնեց գործակցութեան պատրաստակամութիւն եւ նշեց, որ Մեսրոպեանի մէջ մեծ, ճիւղաւորուած եւ կազմակերպուած աշխատանք կը կատարուի:

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան իր այցելութեան ընթացքին շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ ու ծանօթացաւ վարժարանի կառոյցին, բաժանմունքներուն եւ գործունէութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES