Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն . Ճիօ Գալուստ, Հրակ Լախեան Եւ Նանօր Առնելեան Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի 2013-ի տարիքային ախոյեանութիւնը, որ երկարեցաւ երկու շաբաթավերջերու վրայ:

Երեկոյեան ժամը 18:00-ին աւարտած այս ախոյեանութեան յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամներուն, հիւրընկալ վարժարանին պատասխանատուներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներուն ու ընտանեկան պարագաներուն:

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 10 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ Նանօր Առնելեան հանդիսացած էր ախոյեան:

Երէկ, երկու հայեր եւս` Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ, իրենց կարգին հանդիսացան ախոյեան, յաջորդաբար` 10 եւ 12 տարեկանէն վար տղոց դասակարգերուն մէջ` առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովելով 5.5-ական կէտ:

Նշենք, որ 8 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ Արլի Տէր Աբրահամեան ստացաւ քաջալերական մետալ մը` նկատի ունենալով, որ ան միակ մասնակցողն էր աղջկանց մրցումներուն:

Ստորեւ կու տանք մրցումներուն ամբողջական արդիւնքները, որոնք վաւերացուեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ.

8 տարեկանէն վար

Տղաք Կէտ

1.- Մոհամետ Ժաուիշ 6
2.- Ռայան Համտուն 5
3.- Գլակ Մարտիրոսեան 4

Աղջիկներ

Արլի Տէր Աբրահամեան 2

10 տարեկանէն վար

Տղաք

Հրակ Լախեան

1.- Հրակ Լախեան 5,5
2.- Ալեքսանտր Ապշէ 5
3.- Հրայր Գասապեան 5

Աղջիկներ

1.- Նանօր Առնելեան 6
2.- Նա֊րօտ Գը֊լը֊պոզ֊եան 5
3.- Լիակ Մարտիրոսեան 5

12 տարեկանէն վար

Տղաք

Ճիօ Գալուստ

Նանօր Առնելեան

1.- Ճիօ Գալուստ 5,5
2.- Լեւոն Գալայճեան 5
3.- Համզա Մրատ 4

14 տարեկանէն վար

Տղաք

1.- Ապտիւլ Լաթիֆ Հասան 6
2.- Մեթիու Մուաքտիէ 5
3.- Միշել Ռիշանի 4

Աղջիկներ

1.- Թաշա Սալամէ 4
2.- Նանի Գալուստեան 4
3.- Վանիա Թաշճեան 3

16 տարեկանէն վար

Տղաք

1.- Քարիմ Համաուի 6
2.- Հրակ Գըլըպոզեան 4,5
3.- Եահիա Ֆարհաթ 4

Աղջիկներ

1.- Ռիհամ Սալեհ 3,5
2.- Յուշիկ Քայմաքամեան 2,5
3.- Միրէյ Թաշճեան 2,5

18 տարեկանէն  վար

Տղաք

1. Մոհամետ Շահրուր 5
2.- Նարեկ Նաճարեան 4,5
3.- Մարք Ժիհա 4,5

Share this Article
CATEGORIES