Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շեպիպէ Առաջին Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 15 ապրիլին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` ճակատելով Շեպիպէի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ ապահովող խումբը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:
CATEGORIES Մարզական

