Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաքաֆի Շըհիմ` 4-2

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լեռնալիբանանի նահանգին Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ թէեւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց  Սաքաֆի Շըհիմին, սակայն չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան` նկատի ունենալով,  որ գրաւեց իր խմբակին 2-րդ դիրքը` 12 կէտով:

Յաջորդ հանգրուան անցաւ Արապի, որ ապահովեց 15 կէտ:

ՀՄԸՄ-ի երէկուան կոլերը նշանակեցին Ժաք Պէրպէրեան (2 կոլ), Յակոբ Գուճանեան (1 կոլ) եւ Վաչէ Ղուկասեան (1 կոլ):

Նշենք, որ ՀՄԸՄ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Նարեկ Յարութիւնեան 85-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Share this Article
CATEGORIES