Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Առաջին Մրցակիցը` Արապիէ

Այսօր` երկուշաբթի, 15 ապրիլին, կը սկսի Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու:

Անոնց կարգին է ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Արապիէն:

Թանմիէ կը մրցի Անսարի դէմ: Լիբանանեան բանակը` Ռիատիի դէմ, իսկ Ֆրերները` Սովիեթներուն դէմ:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաս կը կազմէ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան:

Share this Article
CATEGORIES