«Ուիքիլիքս» Հրապարակեց 1973-1976-ի Ամերիկեան Դիւանագիտութեան Վերաբերեալ 1.7 Միլիոն Փաստաթուղթ

Ճուլիըն Ասանժ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» հրապարակած է Հենրի Քիսինճըրի ժամանակներու Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան եւ հետախուզութեան վերաբերեալ շուրջ 1.7 միլիոն փաստաթուղթ:

Ըստ «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժի, փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն միջազգային քաղաքականութեան եւ պատմութեան վրայ ազդեցութիւն ձգած Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններու «ամբողջ շարքի մը» վրայ: Փաստաթուղթերու մեծ մասը հասցէագրուած է կամ կազմուած անձամբ Հենրի Քիսինճըրի կողմէ, որ 1973-1976-ին կը վարէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:

«Ուիքիլիքս» այդ տուեալները անուանած է «Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան հանրային գրադարան»: Փաստաթուղթերուն մեծ մասը նշագրուած է իբրեւ «տարածման համար չէ»:

Հրապարակուած փաստաթուղթերուն շարքին են հեռագիրներ, հետախուզութեան հաշուետուութիւններ, Քոնկրեսի նամակագրութիւններ, որոնք գաղտնազերծուած եւ հասանելի դարձած են Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES