Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Բարեփոխման Յանձնախումբ Մը Ստեղծած Է
Ռուսական «Ռոսիսքայա կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի բարեփոխման յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծած է: Ան ընթացած է Իտալիոյ նախագահ Նափոլիթանոյի հետքերով` իր 8 «իմաստուն-կարտինալները» միախմբելով յանձնախումբին մէջ: Ան այդ յանձնախումբին անդամներուն միջոցով յոյս ունի լուծել նախորդ պապէն իրեն ժառանգութիւն հասած խնդիրները:
Այդ խնդիրներուն շարքին կը նշուի Քուրիայի` Վատիկանի վարչութեան փտածութեան, Վատիկանի դրամատան ելեւմտական մեքենայութիւններու եւ հերթական գայթակղութեանց զսպումը:
Ընտրուելէ մէկ ամիս ետք պապին ձեռնարկած այս քայլը արդէն «յեղափոխական» նկատուեցաւ. այս ձեւով Վատիկան փաստօրէն իր նախարարական խորհուրդը կ՛ունենայ: Խորհուրդի առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ հոկտեմբերին, իսկ գործունէութիւնը զուտ խորհրդատուական բնոյթ պիտի ունենայ:


