Իսրայէլացիները Այսօր Իսրայէլի Մէջ Յորդանանեան Դեսպանատան Առջեւ Ցոյց Կը Կատարեն
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան պետական եւ ժողովրդային շրջանակներ բուռն հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն այն իրողութեան դէմ, որ յորդանանցի 110 երեսփոխաններ դիմումնագիր մը ստորագրած են` պահանջելով ազատ արձակումը յորդանանցի զինուոր Ահմետ Տաքամսէի, որ 1997-ին խումբ մը իսրայէլացի ուսանողուհիներու վրայ կրակ բանալով` անոնցմէ 7-ն սպաննելու յանցանքին համար ցկեանս բանտարկութեան ենթարկուած է:
Վերոնշեալ ուսանողուհիներու յաճախած դպրոցին աշակերտները մտադիր են այսօր Ռամաթ Կանի մէջ յորդանանեան դեսպանատան առջեւ «Ո՛չ ոճրագործի ազատ արձակման» նշանաբանով ցոյց մը կատարել:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ 2008-ին յորդանանցի 70 անձնաւորութիւններ, եւ 2011-ին Յորդանանի արդարադատութեան նախկին նախարար Հիւսէյն Մաժալի Յորդանանի թագաւորին նոյնպիսի դիմումներ ներկայացուցած էին: Այդ դիմումները օրին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ իսրայէլեան առնչակից դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ բուռն հակազդեցութեան արժանացած էին:


