«Հիւրրիյէթ» Կը Գրէ. Իսրայէլ Ներում Հայցելէ Առաջ Թուրքիոյ Արտօնեց Վերջինիս Արտադրութիւնները Իսրայէլեան Հողերուն Ճամբով Արտածելու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Թուրքիոյ արտօնած է իր արտադրութիւնները իսրայէլեան հողերուն ճամբով Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստէն Հայֆայի նաւահանգիստ ծովային կամուրջի, ապա ցամաքէն Յորդանանի ճամբով Ծոցի արաբական երկիրներ արտածելու` ընդգծելով, որ Թել Աւիւ այդ արտօնութիւնը Անգարայի տուած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ճամբով ներում հայցելէն շատ առաջ:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները թուրք արտածողներուն արտօնած են փոխան իսրայէլեան բեռնատարներու թրքական բեռնատարներով երկրին ճամբաներուն վրայ ազատօրէն շրջիլ, ինչ որ անոնց նիւթական բեռը նուազեցուցած է:

Օրաթերթը կը գրէ, որ իսրայէլեան այդ քայլը մեծապէս կը դիւրացնէ Սուրիոյ մէջ պատերազմի եւ Եգիպտոսի մէջ անկայուն կացութեան լոյսին տակ թրքական ապրանքներու արտածումը` աւելցնելով, որ ատիկա նաեւ Իսրայէլի տնտեսութեան աճին կը նպաստէ:

Share this Article
CATEGORIES