Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու որոշումը անկարելի է, եթէ մէկ գոյնի կառավարութիւն մը կազմուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, որ իրենք պիտի օժանդակեն վարչապետ Թամմամ Սալամի, որպէսզի ան կազմէ պատգամի երկիր Լիբանանի ոգին արտացոլող իսկական կառավարութիւն մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք խստիւ պիտի մերժեն նոր կառավարութեան մէջ իրենց անունով նախարարներ նշանակելու քայլը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ բոլորը պէտք է ներկայանան իրենց ներկայացուցած քաղաքական իսկական կշիռներով եւ չափերով:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաւանական նկատեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամները ուղղուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախելու որոշումը վիճարկելու:

ԱՆՑԵԱԼ շաբաթավերջին Պեքաայէն առեւանգուած քաղաքացի Հիւսէյն Ժաաֆարը վերադարձաւ իր գիւղաքաղաքը` անոր փրկագինին վճարումէն ետք: Ժաաֆար յայտնեց, որ ինք ծեծի ենթարկուած է ու չարչարուած զինք առեւանգողներուն կողմէ: Ան աւելցուց, որ Արսալի բնակիչները իր ընտանիքն են: Նշենք, որ Հիւսէյն Ժաաֆարի վերադարձով, Ժաաֆար ընտանիքին կողմէ շարք մը այլ առեւանգեալներ յանձնուեցան Արսալ գիւղաքաղաքի պատասխանատուներուն:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան նոր առիթ մը ստացած է` իբրեւ պետութիւն եւ գոյացութիւն ինքզինք վերստին կերտելու:

ՔՈՒԷՅԹԻ խորհրդարանի փոխնախագահ Մուպարաք Խարինժ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շատ կարեւոր է արաբական աշխարհին համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Հըզպալլային եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հաստատած է, որ մասնագէտներով կազմուած կառավարութեան մը կազմութեան համաձայն պիտի չգտնուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ արդէն իսկ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջին ընտրանք կը մնայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պոյքոթի պիտի ենթարկեն որեւէ կառավարութիւն, որ կը կազմուի առանց անոր վարելիք քաղաքականութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կառավարութեան բնոյթը տակաւին չէ յստակացած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանի մէջ սադրանքները կանխարգիլելու լիբանանեան ջանքերուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ երեքշաբթի օր ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին հանդիպումը պաշտօնական չէ, այլ` խորհրդակցական:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ առանց համախոհութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը կրնայ երկրին մէջ տագնապ ստեղծել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին եւ կոչ կ՛ուղղեն բոլորին իմաստութեամբ եւ գիտակցութեամբ առաջնորդուելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ կ՛ուղղուին կազմելու կառավարութիւն մը, որ ոչ քաղաքական է եւ որուն հիմնական  պարտականութիւնն է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ ճիգեր ի գործ կը դրուին կազմելու 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի անդամ 1200 զինեալներ քանի մը օր առաջ ուղղուած են Սուրիա:

 

Share this Article
CATEGORIES